ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Համահայկական Հռչակագիրը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Դէմ Իրաւական Պահանջներու Ծրագիրները


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Համահայկական Հռչակագիրը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Դէմ Իրաւական Պահանջներու Ծրագիրները

  • 06-02-2015 15:49:19   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու նախագահները սփիւռքի մեծ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ միասին հանդէս եկան միացեալ աննախադէպ հռչակագիրով` յայտարարելով Թուրքիայէն “իրաւական պահանջներու” համապարփակ թղթածրարի մշակման մասին` “անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքները ու օրինական շահերը” վերականգնելու համար:
Հռչակագիրը չի ներկայացներ հայկական պահանջներուն մանրամասնութիւնները, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած իրաւական խումբը վերջնական տեսքի կը բերէ Թուրքիոյ դէմ հայկական պահանջներու մանրակրկիտ վերլուծութիւնը:
Յունուար 29-ի հռչակագիրը միաձայնութեամբ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, ամբողջ աշխարհի աւելի քան 50 տարածաշրջանային հարիւրամեակի յանձնախումբերու մասնակցութեամբ: Աւելի ուշ, այդ գիշեր, նախագահ Սերժ Սարգսեան կարդաց հռչակագիրին ամբողջական բնագիրը` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակ դնելու արարողութեան ժամանակ:
Երբ Արամ Ա. կաթողիկոս հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք հռչակագիրը պիտի դառնա՞յ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը, ի պատասխան` նախագահ Սարգսեան վստահեցուց, որ ընդունուած փաստաթուղթը առաջնորդող պիտի ըլլայ ոչ միայն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ, այլեւ անով պիտի առաջնորդուին բոլոր պետական պաշտօնեաները:
Ահա կարեւոր դրոյթներ համահայկական հռչակագիրէն.
- Դատապարտելով 1894-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերու կողմէ ծրագրուած ու հայ ժողովուրդին դէմ շարունակաբար իրականացուած ցեղասպանական քայլերը, հայրենազրկումը, հայութեան ոչնչացման ուղղուած զանգուածային կոտորածները, ցեղային զտումները, հայկական ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտումը, պատասխանատուութենէ խուսափելու, կատարուած յանցագործութիւններն ու անոնց հետեւանքները լռութեան մատնելու կամ արդարացնելու բոլոր փորձերը` որպէս յանցագործութեան շարունակութիւն եւ նոր ցեղասպանութիւններ իրականացնելու քաջալերանք,
- Համարելով 1919-1921 թուականներուն օսմանեան ռազմական արտակարգ ատեաններու կողմէ “իրաւական եւ մարդկային օրէնքներու դէմ” այդ ծանր ոճիրի ուղղութեամբ կայացուած դատավճիռները եղելութեան իրաւական գնահատական,
- Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմէ Դաշնակից պետութիւններու Մայիս 24-ի համատեղ հռչակագիրով հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս “մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն” որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններուն պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի Օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցով.
- Կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար:
- Շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն պետութիւններուն, միջազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք քաղաքական խիզախութիւն ունեցան ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը` որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած սոսկալի ոճրագործութիւն, եւ այսօր ալ կը շարունակեն այդ ուղղութեամբ իրաւական քայլեր ձեռնարկել, նաեւ` կանխել ժխտողականութեան վտանգաւոր դրսեւորումները:
- Կը դիմէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց` անկախ ազգային եւ կրօնական պատկանելութենէ, միաւորել իրենց ջանքերը պատմական արդարութիւնը վերականգնելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու համար:
- Կ՛արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցով, որուն համար կը մշակէ իրաւական պահանջներու թղթածրար` դիտելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման գործընթացի մեկնարկ:
- Կը դատապարտէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապօրինի շրջափակումը, միջազգային հարթակներու մէջ ցուցաբերուող հակահայկական կեցուածքը եւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նախապայմաններու առաջադրումը` անոնք գնահատելով որպէս Հայոց ցեղասպանութեան, Մեծ եղեռնի մինչեւ այսօր անպատիժ մնալու հետեւանք: 
- Կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան` ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ իրագործուած այդ սոսկալի ոճիրի զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելու միջոցով առերեսուիլ սեփական պատմութեան ու յիշողութեան հետ` հրաժարելով կեղծարարութեան, անհերքելի իրողութեան ժխտման եւ յարաբերականացման քաղաքականութենէն:
- Յոյս կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր մեկնակէտ պիտի դառնան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման գործընթացին համար:
- Կը դիտարկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը որպէս կարեւոր հանգրուան պատմական արդարութեան համար մղուող պայքարը “Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ” կարգախօսով շարունակելու գործընթացին:
Յատկանշական է, որ համահայկական հռչակագիրը հակահարուած կու տայ թրքական մշտական կեղծարարութեան, թէ Թուրքիոյ դէմ պահանջները առաջ կը քաշուին ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ` սփիւռքի կողմէ: Միաձայն ընդունուած հռչակագիրը յստակօրէն կ՛արտացոլացնէ, որ համայն հայութիւնը, ինչպէս հայրենիքի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ անդրդուելիօրէն կը հետապնդէ իր արդարացի պահանջները Թուրքիոյ Հանրապետութենէն:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ