ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. «Իսլամական Պետութեան» Ահաբեկիչներուն Դէմ Պայքարելու Փոխարէն՝ Էրտողան Իր Անձնական Շահերը Կը Հետապնդէ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. «Իսլամական Պետութեան» Ահաբեկիչներուն Դէմ Պայքարելու Փոխարէն՝ Էրտողան Իր Անձնական Շահերը Կը Հետապնդէ

  • 02-08-2015 13:09:04   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
 
Անցեալ ամիս, միայն իր կուսակցութեան խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորցնելէ ետք  նախագահ Էրտողան գիտակցեցաւ, որ հարեւան Սուրիոյ մէջ կան վտանգաւոր ահաբեկիչներ, որոնք կը սպառնան Թուրքիոյ անվտանգութեան:
 
Զարմանալիօրէն, ասոնք այն նոյն ահաբեկիչներն են, զորս Անգարան շատոնց զինած եւ անոնց աջակցած է Սուրիա ներթափանցելու համար եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած՝ թրքական հիւանդանոցներուն մէջ: Ըստ գնահատականներու՝ վերջին տարիներուն 25 հազար օտար եւ հազար թուրք ժիհատականներ անցած են Թուրքիոյ սահմանը՝ փորձելով տապալել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:
Օգտագործելով նախորդ շաբաթ թուրք զինուորի մը սպանութիւնը՝ Սուրիոյ կողմէ արձակուած կրակոցէն, Էրտողան հրամայեց ցամաքային եւ օդային ռմբակոծումներ կատարել հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալել աւելի քան հազար անձեր, որոնք կասկածելի են իբրեւ քիւրտ զինեալներ, ձախակողմեան գրոհայիններ եւ «Իսլամական պետութեան» կողմնակիցներ:
Քանի մը տարուան դժկամութենէ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Յուլիս 24ին վերջապէս յայտարարեց, որ կ՛արտօնէ Միացեալ Նահանգներուն օգտագործել իր ռազմական օդակայեանները՝ Սուրիոյ մէջ ժիհատական խմբաւորումներու վրայ յարձակելու համար:
«Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու կամ Միացեալ Նահանգներու հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններու մէջ համագործակցելու փոխարէն՝ Էրտողանի իրական մտադրութիւնն է ամրապնդել իր սեփական իշխանութիւնը՝ հասնելու հետեւեալ շահադիտական նպատակներուն.
1. Թուրքիոյ նախագահը կը գիտակցի, որ եթէ իր իշխող կուսակցութիւնը չյաջողի ձեւաւորել միատարր կառավարութիւն, ուրեմն պարտաւոր է խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր փուլ անցընել: Հետեւաբար, խիստ գործողութիւններ ձեռնարկելով «Իսլամական պետութեան» եւ քիւրտ զինեալներու դէմ, Էրտողան յոյս ունի, որ թուրք ընտրողները իր կուսակցութեան պիտի տան լրացուցիչ քուէներ, որոնք անհրաժեշտ են խորհրդարանական մեծամասնութեան վերականգնման համար:
2. Միւս կարեւոր նպատակը, որուն համար Թուրքիա կը ռմբակոծէ հիւսիսային Սուրիան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ռազմակայանները Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ կը ձերբակալէ հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ մէջ, ոչ թէ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարիլն է, այլ՝ միաւորման խափանումը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ քիւրտերուն, որոնք կը փափաքին ստեղծել անկախ Քիւրտիստան:
3. Ռազմական գործողութիւններ իրականացնելով Սուրիոյ մէջ՝ Էրտողան յոյս ունի յաջողցնել Սուրիոյ կառավարութեան տապալման եւ խամաճիկ վարչաձեւի հաստատման իր վաղեմի երազանքը, ատով իսկ ընդլայնելով իր՝ իբրեւ նորօսմանեան սուլթանի, անձնական իշխանութիւնը:
4. Վերջապէս, յանդուգն յայտարարութիւններ ընելով «Իսլամական պետութեան» դէմ եւ թոյլ տալով ամերիկացիներուն օգտագործելու Ինճիրլիքի ռազմակայանը՝ Թուրքիա մտադիր է համոզել Միացեալ Նահանգներն ու արեւմտեան Եւրոպան, որ ինք ՕԹԱՆի վստահելի դաշնակից է եւ հաւատարիմ գործընկեր՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Նման դրական կերպարի ստեղծումը յատկապէս կարեւոր է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեծ տէրութիւնները աւարտած են հիւլէական ծրագիրի շուրջ Իրանի հետ համաձայնութիւնը, որ կրնայ բարձրացնել վերջինիս դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ նուազեցնել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:
Հետամուտ ըլլալով այս չորս նպատակներուն՝ Էրտողան վտանգի կ՛ենթարկէ Թուրքիոյ եւ դրացի պետութիւններուն կայունութիւնը՝
1. Յարձակելով «Իսլամական պետութեան» թիրախներուն վրայ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ՝ իբրեւ պատասխան սպաննուած թուրք զինուորի, Անգարա կը խզէ իր գաղտնի փոխըմբռնումը «Իսլամական պետութեան» հետ՝ խուսափելու փոխադարձ յարձակումներէ: Այժմ «Իսլամական պետութիւնը» ստիպուած է պատասխան հարուած տալու: Անցեալ շաբաթ ինքնասպան ահաբեկիչի յարձակումը թրքական Սուրուժ քաղաքին մէջ, երբ սպաննուեցաւ 32 եւ վիրաւորուեցաւ 100է աւելի մարդ, թերեւս «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչական գործողութեան նախերգանքն է ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին:
2. Անցեալ շաբաթ Թուրքիան խախտեց զինադադարի համաձայնագիրը, զոր ստորագրած էր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ 2013 թուականին՝ ռմբակոծելով վերջիններուս ռազմակայանները հիւսիսային Իրաքի մէջ եւ ձերբակալելով հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ մէջ։ ՔԱԿ արդէն պատասխանած է՝ սպաննելով քանի մը թուրք ոստիկան եւ խոստանալով աւելի մեծ արիւնահեղութիւն: Բացի այդ, յարձակելով քիւրտերու վրայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, Թուրքիա պիտի տկարացնէ այն միակ ուժը, որ յաջողութեամբ կը պայքարէր «Իսլամական պետութեան» դէմ: Քանի որ Միացեալ Նահանգները քիւրտ զինեալները կը դիտարկեն իբրեւ զիրենք փոխարինող ցամաքային ուժեր, ուստի թրքական յարձակումները քիւրտերու դէմ պիտի խոչընդոտեն Միացեալ Նահանգներու ռազմական նպատակներու իրագործումը տարածաշրջանին մէջ:
3. Եթէ Էրտողան ներխուժէ հիւսիսային Սուրիա, «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու պատրուակով, թրքական զօրքերը, ամենայն հաւանականութեամբ, շատ մեծ կորուստներ պիտի ունենան՝ կռուելով ոչ միայն սուրիական բանակին, այլեւ քիւրտ զինեալներու եւ տասնեակ մը ժիհատական խմբաւորումներու դէմ: Թուրքիա կրնայ բախիլ նաեւ Իրանի զօրքերուն, որոնք օգնութեան պիտի հասնին իրենց սուրիական դաշնակիցին եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան զինեալներուն, որոնք կը սատարեն Ասատի վարչակարգին:
Թուրքիոյ նախագահի ինքնանպատակ կեղծ պատերազմը ահաբեկիչներու դէմ կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ՝ բռնութիւններու աճ արձանագրելով ամբողջ Թուրքիոյ եւ դրացի երկիրներու մէջ:
Եթէ Անգարա իրօք շահագրգռուած է ժիհատականներու դէմ պայքարով, ուստի ան շատոնց պէտք էր ընէր ատիկա՝ «Իսլամական պետութիւն»ն ու ահաբեկչական այլ խմբաւորումները զինելու եւ սադրելու փոխարէն: Թուրք ղեկավարները կը հնձեն այն, ինչ ցանած են:
Անոնք կրնան մեղադրել միայն իրենք զիրենք…
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ