Յարութ Սասունեան. Արցախեան Պատերազմի Գլխաւոր Դերակատարներու Վերլուծում


Յարութ Սասունեան. Արցախեան Պատերազմի Գլխաւոր Դերակատարներու Վերլուծում

  • 07-10-2020 14:44:40   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Այս վերլուծումը գրելու պահուն՝ 5 Հոկտեմբեր 2020ին, պատերազմը, մէկ կողմէ` Հայաստանի ու Արցախի, միւս կողմէ` Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ ծայրայեղ իսլամ վարձկաններու միջեւ, կը շարունակուի զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու անթիւ կորուստներով եւ քաղաքներու ու գիւղերու լայնածաւալ աւերածութիւններով։ Այս շաբաթ պիտի վերլուծեմ  գլխաւոր դերակատարներէն իւրաքանչիւրին դերը, մերօրեայ պատերազմին մէջ։
 
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, հրաժարելով ընդունիլ Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ հետեւելով՝ պատերազմը ռազմական ճամբով լուծելու իր բազմաթիւ սպառնալիքներուն՝ 27 Սեպտեմբեր 2020ին լայնածաւալ յարձակում սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Պատերազմէն առաջ Ատրպէյճան ապահովեց աջակցութիւնը Թուրքիոյ զինուած ուժերու եւ Սուրիայէն մեծ թիւով ահաբեկիչներու, որոնք կը վարձատրուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները անտեսեցին հրադադարի հաստատման մասին բոլոր կոչերը, անոնց շարքին՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համատեղ յայտարարութիւնը: Ալիեւ յայտարարեց, որ հրադադար եւ բանակցութիւններ չեն ըլլար, այնքան ատեն որ հայկական ուժերը չեն լքեր Արցախը: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ոչ միայն կ՛ուզեն գրաւել Արցախը, այլեւ հայերու նկատմամբ իրագործել երկրորդ Ցեղասպանութիւն: Ասիկա սպառնալիք մըն է հայ ժողովուրդի գոյութեան: Ասիկա պատերազմ է ամբողջ աշխարհի տասը միլիոն հայերու դէմ: Բարեբախտաբար, հայերը հասկցած են իրենց գոյութեան սպառնացող լուրջ վտանգը եւ համատեղել ուժերը թշնամին ետ մղելու համար: Թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը ձախողելէ ետք, Հայաստան պէտք է մերժէ բանակցութիւններու բոլոր առաջարկները եւ պաշտպանէ Արցախի հողը, որ ազատագրուած է մեր քաջ երիտասարդներու արիւնով։ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա յարձակած են ոչ միայն հայկական ռազմական թիրախներու, այլեւ մեծ քաղաքներու եւ գիւղերու խաղաղ բնակչութեան վրայ: Ասիկա ռազմական յանցագործութիւն է, որուն համար Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանի եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի առջեւ:
Հայաստան նաեւ պէտք է բողոք ներկայացնէ ՄԱԿին, քանի որ Ատրպէյճան ստորագրած է ՄԱԿի «Վարձկաններու հաւաքագրման, օգտագործման, ֆինանսաւորման եւ պատրաստման դէմ միջազգային  համաձայնագիր»: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ պատիժ «համապատասխան պատժամիջոցներով՝ հաշուի առնելով այդ յանցագործութիւններու ծանր բնոյթը»:
 
ԹՈՒՐՔԻԱ
Թուրքիա պէտք չէ որեւէ դերակատարութիւն ունենայ արցախեան հակամարտութեան մէջ: Էրտողան անընդհատ կը խօսի մէկ ազգ, երկու պետութեան մասին՝ յղում անելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ: Այդ պարագային, ինչո՞ւ չ՛ընդունիր նոյն գաղափարը Հայաստանի եւ Արցախի համար: Թուրքիա իրաւունք չունի խօսելու Արցախի կարգավիճակին մասին, քանի որ ինք է, որ գրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսը, 1974 թուականին:
Բաւականին երկար ժամանակ Թուրքիա զինած եւ պատրաստած է ահաբեկիչներ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ, իսկ այժմ՝ Ատրպէյճանի մէջ: Միջազգային հանրութիւնը նոյնքան մեղաւոր է, որքան Թուրքիա՝ ահաբեկչական գործունէութեան համար անոր դէմ պատժամիջոցներ չկիրարկելու գծով: Էրտողան հասկցած է, որ կը մարսէ սպանութիւնները, եւ ոչ մէկ երկիր ձայն կը հանէ։ Ժամանակն է փակելու Էրտողանի բերանը եւ սանձելու անոր ընդարձակողական նկրտումները։
Բացի ֆիզիկական պատերազմէն, կայ նաեւ քարոզչական եւ կեղծիքներու պատերազմ, զոր կը  վարեն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա: Ինչպէս միշտ, Թուրքիա կը ստէ ամէնէն ակնյայտ փաստերու մասին: Եթէ ան կրնայ ժխտել 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը, ապա կրնայ նաեւ ժխտել, որ Ատրպէյճանի մէջ ռազմական ուժեր ու խորհրդականներ ունի, որոնք կը պայքարին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Թուրքիա կը հերքէ նաեւ, որ ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներ հաւաքագրած է Արցախի մէջ կռուելու համար:
ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՎԱՐՁԿԱՆՆԵՐ
Հիւսիսային Սուրիայէն հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներ հաւաքագրուած են Թուրքիոյ կողմէ՝ մեկնելու Ատրպէյճան՝ Հայաստանի ու Արցախի դէմ կռուելու համար: Վերջին օրերուն անոնց հեռախօսազանգերէն շատերը ձայնագրուած են, ուր կ՛ըսուի, որ Թուրքիա զանոնք մոլորութեան մէջ ձգած է՝ համոզելով, որ իրենք միայն պահակային պարտականութիւններ պիտի կատարեն, այլ ոչ թէ պիտի պատերազմին: Ահաբեկիչները յայտարարած են, որ  կ՛ուզեն հեռանալ, բայց չէին ձգեր: Անոնք եկած են Ատրպէյճան այն բանէն ետք, երբ Թուրքիա ամսական քանի մը հազար տոլար առաջարկած է անոնց: Հակառակ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հերքումներուն՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնները արձանագրած են հեռաձայնային խօսակցութիւնները ահաբեկիչներուն, որոնք կը խօսին արաբերէն ու թրքերէն եւ իրենց գործընկեր ահաբեկիչներուն խորհուրդ կու տան չերթալ Ատրպէյճան:
ՌՈՒՍԻԱ
Ռուսիա միակ համաշխարհային տէրութիւնն է, որ կրնայ դադրեցնել մարտերը, ինչպէս  նախապէս ըրած է բազմաթիւ անգամ: Կա՛մ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ի վիճակի չէ ճնշելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ՝ զինադադար յայտարարելու գծով, կա՛մ չ՛ուզեր ընել այդ, այնքան ատեն որ դեռ Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն զիջումներ չէ կորզած իր իսկ շահերուն համար:
Խնդիրը այն է, որ Հայաստան Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ է, որ փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիր ունի Ռուսիոյ եւ նախկին ԽՍՀՄ շարք մը այլ պետութիւններու հետ: Մինչեւ հիմա Հայաստան չէ դիմած ՀԱՊԿի՝ ինքզինք պաշտպանելու Ատրպէյճանի յարձակումներէն ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան` յայտարարելով, որ կրնայ պաշտպանել իր սեփական տարածքը: Հայաստան պէտք է ՀԱՊԿէն խնդրէ՝ ապահովել իր պաշտպանութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակումներէն: Եթէ Հայաստան դիմէ, իսկ ՀԱՊԿ մերժէ կատարել իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները, ապա մենք կը հասկնանք, որ ՀԱՊԿ գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ։ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿի միջեւ կրնան ըլլալ քուլիսային բանակցութիւններ՝ ճիշդ ժամանակին Հայաստանի օգնութեան հասնելու առումով՝ նախքան որ Հայաստան ենթարկուի վտանգի:
Հայաստանի աջակցիլը կը բխի նաեւ Ռուսիոյ սեփական շահերէն: Նախ եւ առաջ, Կովկասի տարածաշրջանը կը համարուի Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտի, ուր պէտք չէ թոյլ տրուին Թուրքիոյ կողմէ ոտնձգութիւններու։ Երկրորդ, ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչները, զորս Թուրքիա ուղարկած է Ատրպէյճան, կրնան ի վերջոյ սպառնալիք հանդիսանալ Ռուսիոյ անվտանգութեան համար: Որքան շուտ Ռուսիա ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ՝ ահաբեկիչները յետս կոչելու համար, այնքան լաւ՝ իր իսկ շահերուն համար:
Հայաստան նաեւ դժգոհ է, որ Ռուսիա ժամանակակից ինքնաթիռներ եւ հրթիռներ կը ծախէ Ատրպէյճանի: Ասիկա անընդունելի վարք է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցին կողմէ: Հասկնալի է, որ Ռուսիա այդ ռազմական վաճառքը կ՛իրականացնէ իր տնտեսական շահերուն համար, սակայն հայերը ստիպուած են անընդհատ Ռուսիոյ յիշեցնել, որ ինք կը խարխլէ Ռուսիոյ հեղինակութիւնը Հայաստանի մէջ` զէնք մատակարարելով Հայաստանի թշնամիին:
ԻՐԱՆ
Իրանի կառավարութիւնը միշտ չէզոք դիրքորոշում պահպանած է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ: Այս պատերազմին Իրան անհանգստացաւ, երբ ատրպէյճանական հրթիռներ ինկան Իրանի տարածքը՝ վիրաւորելով մանուկ մը: Իրան նաեւ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ վարձկան ահաբեկիչներու ներմուծման համար, որոնք կրնան վտանգ ներկայացնել Իրանի ապահովութեան համար:
ԻՍՐԱՅէԼ
Ամօթալի է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը շարունակէ ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ մատակարարել Ատրպէյճանի՝ ատրպէյճանական քարիւղի դիմաց: Արդեօք Իսրայէլ, եթէ գոյութիւն ունենար Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զէնք կը ծախէ՞ր Հիթլերի՝ նիւթական շահի դիմաց: Զարմանալի չէ, որ անցեալ շաբաթ Հայաստան Թել Աւիւէն յետս կոչեց իր նորանշանակ դեսպանը: Ամերիկահայերը պէտք է ազդեն ամերիկացի հրեաներու եւ ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւններու վրայ, որ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանը զինելը բարոյական տեսանկիւնէ գարշելի  է, եւ թէ ինք պատասխանատու կը նկատուի հայ խաղաղ բնակիչներու եւ զինուորներու մահուան համար: Նոյնիսկ պատերազմի այս բուռն պահուն Իսրայէլի մէջ տեսած են ատրպէյճանական բազմաթիւ բեռնատար ինքնաթիռներ, որոնք գերժամանակակից զէնքեր կը բեռցնեն Ատրպէյճանի համար․․․
ՖՐԱՆՍԱ
Ֆրանսա աշխարհի մէջ միակ երկիրն է, որ ճշմարտութիւնը ըսած է պատերազմի մասին: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ատրպէյճան նախաձեռնած է Արցախի վրայ յարձակման, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Թուրքիա ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներ ուղարկած է Ատրպէյճան: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Ֆրանսա, խօսքերէ բացի, այսուամենայնիւ աշխարհասփիւռ հայերը կը գնահատեն Ֆրանսայի դիրքորոշումը:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Եթէ Միացեալ Նահանգներ ուզէր, ապա կրնար նաեւ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութենէն հեռու մնալու համար։ Ցաւօք, հակառակ Թրամփի յայտարարութեան, որ ինք պիտի քննարկէ հակամարտութիւնը, ոչինչ չէ եղած։ Էրտողանի հետ Թրամփի սերտ բարեկամութիւնը ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ հայերուն, որ Միացեալ Նահանգներ միջնորդի դեր պիտի խաղայ հակամարտութեան մէջ, յատկապէս այն ժամանակ, երբ Թրամփ վարակուած է համավարակի ժահրով:
Միակ դրական գործողութիւնը Ներկայացուցիչներու Պալատի կողմէ նախատեսուող թիւ 1165 բանաձեւի ընդունումն է, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանը՝ Արցախի դէմ յարձակման եւ կը մեղադրէ Թուրքիան՝ Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմին մասնակցելու համար: Դատապարտման սահմաններէ դուրս՝ Միացեալ Նահանգներ պէտք է պատժամիջոցներ կիրարկէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ, դադրեցնէ ռազմական եւ արտաքին օգնութիւնը երկու երկիրներուն եւ զանոնք յայտարարէ ահաբեկչական պետութիւններ․․․
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ամփոփելով, Հայաստան չի կրնար յոյսը դնել ոեւէ մէկուն վրայ, բացի սեփական ժողովուրդէն` իր հայրենիքը պաշտպանելու համար: Շատ յուսադրող է, որ աշխարհասփիւռ հայերը օգնութեան հասան Հայաստանի եւ Արցախի՝ նուիրաբերելով դրամական միջոցներ եւ մարդասիրական պարագաներ: Համայն հայութիւնը ստիպուած է շարունակելու հակազդել ատրպէյճանական եւ թրքական ռազմական ու քարոզչական յարձակումներուն: Երբ Ատրպէյճան տեսնէ, որ իր բանակը չէ կրցած որեւէ արդիւնքի հասնիլ, ստիպուած կ՛ըլլայ ընդունելու, որ Արցախ երբեք չի դառնար Ատրպէյճանի մաս: Ատրպէյճանական եւ թրքական այս լկտի յարձակումներէն ետք ոչ մէկ հայ կը համաձայնի, որ Արցախի ժողովուրդը ապրի կաշառուած բռնապետ Ալիեւի դաժան իշխանութեան ներքոյ:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ