Պետութիւնը ժողովուրդէն կը ծնի` ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը պաշտպանելու համար


Պետութիւնը ժողովուրդէն կը ծնի` ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը պաշտպանելու համար

  • 14-04-2011 17:17:11   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Ապրիլ 14, 2011 Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ազգին խօսափողն ու պաշտպանն է Ազգայինժողովը (Խորհրդարանը, Սենատը, Ներկայացուցիչներու Տունը, Տուման եւ այլն): Որքան ներկայացուցչական է խորհրդարանը (այսինքն անդամները ընտրուած են եւ ոչ թէ ուժի միջոցով կամ կաշառքի ու ստորաքարշութէամբ հասած են ժողովրդավարութէան խորհրդանշան այս կառոյցի աթոռներուն), այնքան առողջ է այդ երկիրը: Կարգ մը ժողովրդավարութիւններ (Democracies-հանրապետութիւններ, ժողովրդավարական պետութիւններ) կը հպարտանան իրենց հաստատութէամբ` օրինակ ծառայելով այլ հանրապետութիւններու: Բազմաթիւ պետութիւններու շարքին մեր հայրենի պետութիւնը ցաւօք սրտի չի պատկանիր հպարտացողներու փաղանգին, թէեւ 1990-ականներուն եօյսերը մեծ էին: Անցնող քսան տարիները բաւարար չեղան բարելաւումներու արագացման. Կը պարզուի նաեւ, որ առաջին ազգընտիր նախագահի ,մութէ տարիներուն (՞) Ազգային Ժողովը շատ աւելի սրտցաւ անդամներէ կամ երեսփոխաններէ (դեբուտատ) կը բաղկանար: Ուրեմն կը պարզուի, որ այդ տարիներուն ժողովուրդի ներկայացուցիչ ըլլալը ,գործնականէ ու գործնապաշտ, հիւթեղ ու կաթնատու աղբիւր մը չէր, իսկ անմիջապէս որ Արցախի պատերազմի վառօդի ծուխն ու կրակոցները անհետանան, ,ժողովուրդի ներկայացուցիչէ դառնալը եղաւ հասութաբեր նախաձեռնութիւն մը, միջոց մը ու գործիք մը մեր երկրին սահմանափակ աղբիւրները քամելու: Կան եւ ունինք նաեւ քիչ թիւով ներկայացուցիչներ, ժողովուրդի բարօրութիւնը իրենց հոգսը դարձուցած այրեր ու կանայք, որոնք օրինակելի սկզբունքայնութէամբ ու հետեւողականութէամբ կը փորձեն ծուռ բան մը շտկել մեր անտէր անրապետութէան մէջ: Վերջին շրջանի ընդվզումները, բողոքի քայլարշաւները, խումբ մը քաջարի հայ կանանց եախուռն ձեռնարկներն ու ելոյթները հանդիպեցան փճացած կամ իր երկագիծէն դուրս թռած պետութէան մը մեղսակիցը դարձած ուժային միաւորներու բրտութէան: Լուսանկարչական գործիքներու առատութէանց ու ոչ-դիւրութէամբ եայտնաբերուող արժական հեռաձայններէ մեզի փոխանցուած վայրագութէանց արտայայտութիւնները եւ տեսարանները աւելի քան համոզիչ են, եւ ոչ միայն համոզիչ, այլ մտահոգիչ: Նախ որովհետեւ ազգային (իմա` իշխանամէտ) զանգուածային լրատուութիւնը մաղէ անցընելէ եւ խմբագրելէ ետք միայն դիտող զանգուածին կը հասցնէ դէպքերու աղճատուած պատկերը, այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, թէ ցուցարարները փողոցային ու ,լաչարէ կանանց խումբ մըն են: Բայց դիտողներու մեծ մասը աչք ունի եւ ականջ, ունի նաեւ հոտառութիւն ու ձեւափոխուած լուրերը իրականէն զատորոշելու փորձառութիւն: Վտանգաւոր ապատեղեկատուութիւն եւ լուրերու զտում կ'այ մեր հայրենիքին մէջ, ի զուր ու անհեռանկար փորձեր, որոնք աւելի՛ կը բարդացնեն ու կը լարեն կացութիւնը, որովհետեւ թեքնոլոճի-ի այժմու եառաջացած պայմաններուն մէջ գլուխը բերդաքաղաքի պարիսպին զարնելու կը նմանի պետութէան գործադրած ջանքը: Այսօրուան իշխանութիւններուն ամէն գնով պետութէան բարձրաստիճան դիրքերուն վրայ մնալու այս եառմառութիւնը կը եաջողի միայն խորացնելու պետութիւն-ժողովուրդ հակամարտութիւնը, զանգուածին անվստահութիւնը եւ հիասթափութիւնը: Արաբական երկիրներու մէջ մենք բացէ ի բաց տեսանք, որ ժողովուրդին կուտակուող հիասփաթութիւնը ուր կրնայ հասցնել երկիրը, եւ օր մըն ալ ինչ փորձանք կրնայ դառնալ այսօրուան բռնատէրերուն ու վաղուան պատուազրկուածներուն գլխուն: Պետութիւնը ժողովուրդէն կը ծնի` ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը պաշտպանելու համար: Օրէնքները այն գործիքներն են, որոնք երկիրը կը դնեն օրինականութէան պարունակին մէջ եւ չեն ծառայէր իրենք զիրենք առանձնաշնորհէալ վերնախաւ կարծողներուն շահերուն: Ո՛չ, պարոնայք, օրէնքը դուք չէք, այլ դու՛ք էք օրէնքին ենթական: ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԷԱՆ Լոս Անճելըս
  -   Յօդուածներ