Պայտընի Ուղղուած Հանրաճանաչ Մարդոց Նամակին Մէջ Ատրպէյճանցին «Սխալմամբ» Աւելցուած Է Կազայի Պատանդներուն


Պայտընի Ուղղուած Հանրաճանաչ Մարդոց Նամակին Մէջ Ատրպէյճանցին «Սխալմամբ» Աւելցուած Է Կազայի Պատանդներուն

  • 01-11-2023 10:46:23   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Մենք՝ բոլորս, կը հետեւինք Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցող սրտաճմլիկ իրադարձութիւններուն, որոնց ընթաքին կը զոհուին հազարաւոր անմեղ մարդիկ, իսկ հարիւրաւորներ արդէն իսկ պատանդ վերցուած են  ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ։ Ես կը դատապարտեմ բոլոր սպանութիւնները եւ պատանդառութիւնները՝ անկախ ազգութենէ, ազգային կամ կրօնական պատկանելութենէ։
 
Պատմութեան ընթացքին, իբրեւ զանգուածային սպանութիւններու եւ ցեղասպանութեան զոհեր, հայերը լաւ կը հասկնան մեծաթիւ ոճիրներու ողբերգական հետեւանքները: 2020ի արցախեան պատերազմէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ ետք ատրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուած են ամէնէն սարսափելի յանցագործութիւնները հազարաւոր հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ։
 
Պատերազմի աւարտին Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Ռուսիա ստորագրեցին համաձայնագիր, որով կոչ կը կատարուէր փոխանակելու բոլոր ռազմագերիները։ Հայաստան կատարեց յանձնառութեան իր բաժինը՝ անյապաղ ազատ արձակելով բոլոր ատրպէյճանցի գերիները, մինչդեռ Ատրպէյճան երեք տարի անց, տակաւին գերութեան մէջ կը պահէ քանի մը տասնեակ հայեր։
 
Ոչ ոք գիտէ անոնց ստոյգ թիւը։ Այս կալանաւորները ապօրինի կերպով դատած եւ դատապարտած են երկարաժամկէտ ազատազրկման՝ խախտելով ոչ միայն 2020ի, այլեւ Ժընեւի համաձայնագիրը։ Հայ բանտարկեալները ենթարկուած են խոշտանգումներու եւ անյայտ թիւով սպաննուած՝ ատրպէյճանական բանտերու մէջ:
 
Աւելի մտահոգիչը այն է, որ անցեալ ամիս Արցախը բռնագրաւելէն ետք, Ատրպէյճան գերի վերցուց Արցախի կառավարութեան ութ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպէս՝ նախկին նախագահները, նախկին պետական, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերու նախարարները, բանակի հրամանատարի տեղակալը եւ Արցախի խորհրդարանի նախագահը։ Անոնք բոլորը կը պահուին իբրեւ պատանդներ՝ առանց որեւէ յոյսի, որ շուտով ազատ կ՛արձակուին:
 
Անդրադառնալով 7 Հոկտեմբեր 2023ին Իսրայէլի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ գերեվարուած աւելի քան 200 պատանդներու ողբերգական իրավիճակին, ես կ՛աջակցիմ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են այդ պատանդները հնարաւորինս շուտ ազատ արձակելու նպատակին: Քանի մը հարիւր հոլիվուտեան յայտնիներ, ինչպէս՝ Մատոննա, Քրիս Ռոք, Ճասթին Թիմպըրլէյք, Քուինէթ Փելթրոն, Ճերի Սայնֆըլտ եւ Թէյլըր Փերին ստորագրած են նախագահ Ճօ Պայտընի ուղղուած միացեալ նամակ՝ կոչ ընելով անոր՝ «կանգ չառնել, քանի դեռ բոլոր պատանդները ազատ չեն արձակուած»։
 
Անցեալ շաբաթ ժամանցային զանազան ամսագիրներու եւ կայքերու մէջ երեւաց յօդուած մը, որ հրապարակած էր Պայտընին ուղղուած հանրաճանաչներու  ստորագրած  նամակը։ Այս մասին մամուլի հաղորդագրութիւնը լրատուական միջոցներուն տարածած էր՝ Լոս Անճելըսի մէջ գործող PR գործակալութեան  Principal Communications Groupի կառավարման գործընկեր Մելիսա  Զաքըրմըն: Հակառակ քարոզարշաւի նախաձեռնողներուն բարի մտադրութիւններուն՝ ցաւալի «սխալ» մը նսեմացուց ողջունելի ջանքերը:
 
Նամակը կը ներառէր պարբերութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր. «Մենք կոչ կ՛ընենք բոլորին կանգ չառնել, քանի դեռ բոլոր պատանդները ազատ չեն արձակուած: Ոչ ոք պէտք է պատանդ մնայ, անկախ անկէ, թէ ան ամերիկացի, արժանթինցի, աւստրալիացի, ատրպէյճանցի, պրազիլցի, բրիտանացի, գանատացի, չիլիցի, չինացի, դանիացի, հոլանտացի, էրիթրէացի, ֆիլիփինցի, ֆրանսացի, գերմանացի, հնդիկ, իսրայէլացի, իտալացի, ղազախ, մեքսիքացի, փանամացի, փարակուէյցի, փերուցի, լեհ, փորթուգալցի, ռումանացի, ռուս, հարաւափրիկեցի, սպանացի, սրիլանքացի, թայլընտցի, ուքրանացի, ուզպէք, թէ այլ, մենք պէտք է զանոնք բոլորը տուն բերենք»:
 
Ես կ՛ողջունեմ  հանրաճանաչները, տիկին Զաքըրմընը եւ բոլոր միւսները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են նախագահ Պայտընի ուղղուած նամակի պատրաստման մէջ: Սակայն զարմացայ, երբ գերի ինկած ազգութիւններու ցանկին մէջ տեսայ «ատրպէյճանցի» պատանդներու մասին յիշատակում։ Քանի որ ես չէի լսած, որ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ Իսրայէլէն ոեւէ ատրպէյճանցի առեւանգուած է, հետաքրքրուեցայ, թէ արդեօք այդ տեղեկութիւնը ճի՞շդ է։ Ուստի, ես նամակ յղեցի տիկին Զաքըրմընի եւ հարցուցի ատրպէյճանցի պատանդի յիշատակման իսկութեան մասին: Ան չպատասխանեց ելեկտրոնային նամակիս: Ան նաեւ անտեսեց   ելեկտրոնային  երկրորդ նամակս, ինչպես նաեւ հեռախօսային հաղորդագրութիւնը, զոր թողած էի իրեն համար:
 
Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելով՝ ես պարզեցի, որ որեւէ տեղեկութիւն չկայ ատրպէյճանցի պատանդի մասին, բացառութեամբ ութ ատրպէյճանցիներու, որոնցմէ երկուքը Ատրպէյճանա-իսրայէլական երկքաղաքացիներ էին, որոնք, ցաւօք, սպաննուած էին ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ յարձակման ատեն:
 
Այնուհետեւ ես կապ հաստատեցի նամակը ստորագրած  հանրաճանաչներէն մէկուն  ներկայացուցիչին հետ եւ հարցուցի անոր, թէ արդեօք ան որեւէ բան գիտէ՞ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ ատրպէյճանցիի պատանդ վերցուելուն մասին: Հանրածանօթ անձի ներկայացուցիչը ինծի ըսաւ, որ իր յաճախորդին կողմէ ստորագրուած նամակի տարբերակին մէջ ատրպէյճանցիի կամ որեւէ այլ ազգութեան մասին խօսք չէ եղած: Երբ ես անոր յղեցի լրատուական միջոցներու մէջ հրապարակուած նամակին պատճէնը, ան ցնցուեցաւ՝ գիտնալով, որ տիկին Զաքըրմընի գրասենեակը հանրածանօթ մարդոցմէ խնդրած է ստորագրել նամակին այն տարբերակը, որ չէր ներառներ 33 ազգութիւններու անունները: Այնուհետեւ տիկին  Զաքըրմընի գրասենեակը նախագահ Պայտընի ուղարկած է նամակի բարեփոխուած տարբերակը՝ առանց հանրայայտներուն ըսելու, որ այն, ինչ անոնք ստորագրած են, չէ ուղարկուած Սպիտակ տուն։ Ցաւօք, այս հանրաճանաչները նամակի փոփոխութեան մասին տեղեկացուած չեն եղած ո՛չ զայն ստորագրելէ առաջ, ո՛չ ալ անկէ ետք: Ասիկա չափազանց ոչ-մասնագիտական եւ ոչ-կենցաղավարական վերաբերում է:
 
Այսպիսով, նախագահ Պայտընի ուղղուած նամակին մէջ Ատրպէյճան «սխալմամբ»  ներառուած է՝ իր քաղաքացիները պատանդառութեան զոհ դարձնելով, մինչդեռ Ատրպէյճանն է մեղաւոր հայերը պատանդ վերցնելու մէջ։ Ցաւօք, տիկին  Զաքըրմըն  անտեսեց  բոլոր  փորձերս՝ պարզելու իրմէ, թէ  ինչպէ՞ս կրնայ նման սխալ մը ըլլալ, եւ ինչո՞ւ ջանք չգործադրուեցաւ զայն ուղղելու կամ գոնէ պատշաճ բացատրութիւն տալու համար: Որքան գիտեմ, ատրպէյճանցի պատանդներ Կազայի մէջ կամ աշխարհի որեւէ այլ վայրի մէջ՝ չկան։ Եթէ ես կը սխալիմ, տիկին Զաքըրմըն բազմաթիւ կարելիութիւններ ունէր շտկելու իմ տեղեկութիւնը, բայց հրաժարեցաւ այդ ընելէ:
 
Ի վերջոյ, նամակին մէջ կ՛ըսուէր. «Ոչ ոք պէտք է պատանդ մնայ» (www.NoHostageLeftBehind.com), ինչ որ կ՛ենթադրէ, որ աշխարհի բոլոր պատանդները, անկախ անկէ, թէ ո՛վ զանոնք գերի վերցուցած է եւ ո՛ւր որ ալ գտնուին, պէտք է ազատ արձակուին: Նման համապարփակ խնդրանք մը պէտք է վերաբերէր նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող քանի մը տասնեակ հայ պատանդներուն։
 
Առանց որեւէ խտրականութեան, երբ կը հոգանք բոլոր պատանդներուն մասին, միայն այն ատեն է, որ կրնանք պնդել, թէ մենք իսկական մարդասէրներ ենք:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական