Աղօթենք, որ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը տիրական դառնան մեր աշխարհին մէջ


Աղօթենք, որ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը տիրական դառնան մեր աշխարհին մէջ

  • 06-04-2011 12:31:03   | ԱՄՆ  |  Մամլո հաղորդագրություն
ԿՈՉ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ, ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ.- Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԸ Այս տարուան Ապրիլին, Հայ ժողովուրդը պիտի յիշատակէ պատմական երկու օրեր. Ս. Յարութեան տօնն ու Հայկական Ցեղասպանութեան 96րդ տարեդարձը։ Մինչ Հայկական Ցեղասպանութիւնը նորագոյն պատմութեան ամէնէն մութ օրերէն մէկն է, Ս. Յարութիւնը մարդկութեան համար ամէնէն պայծառ ու յաղթական տօնն է։ Ցեղասպանութենէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով, այս տարի Ս. Յարութեան տօնն ու Ցեղասպանութեան յիշատակումի օրը կը զուգադիպին 24 Ապրիլին։ Իբրեւ քրիստոնեայ հաւատացեալներ, Ապրիլ 24ի օրը պիտի տօնենք մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, որ մարդկութեան բերաւ փրկութիւն։ Նոյն օրը, իբրեւ հայեր, պիտի ոգեկոչենք նաեւ մեր ժողովուրդին վերածնունդն ու վերականգնումը՝ մոխիրներէն ու անգութ ցեղասպանութենէն։ Պիտի յիշատակենք մեր յարութիւնը իբրեւ ժողովուրդի՝ որ ենթակայ դարձաւ հալածանքներու ու բռնադատութեանց, որոնք մօտաւորապէս դար մը առաջ կը սպառնային ի սպառ բնաջնջել մեզ։ Մեր ազգային յարութեամբ, մենք՝ զաւակները հինաւուրց ազգի մը, վառ կը պահենք եւ կը յարգենք նահատակներուն տեսլականն ու ոգին, անկորնչելի աւանդը։ Իբրեւ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն որդեգրող առաջին ազգի զաւակները, կը դիմենք եւ կոչ կ’ուղղենք մեր քրիստոնեայ բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ բոլոր կրօններու պատկանող հաւատացեալներուն, որպէսզի Ս. Յարութեան տօնի օրը, մեզի աղօթակից ըլլան ի յիշատակ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ցեղասպանութեան զոհ գացած աւելի քան երկու միլիոն հայերուն, ասորիներուն, գաղդէացիներուն, պոնտացիներուն ու յոյներուն, որոնք երկրի փոքրամասնութեանց շարքին էին. նաեւ աղօթենք, որ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը տիրական դառնան մեր աշխարհին մէջ։ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՅՈՎՍԷՓ ՄԱԹՈՍԵԱՆ 4 Ապրիլ 2011
  -   Մամլո հաղորդագրություն