Միթէ Հայ Ժողովուրդը Պիտի Շարունակէ՞ Մնալ Թմբիրի Մէջ, Եթէ Փաշինեան Բանտարկէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը. Յարութ Սասունեան
Նոյյան Տապան
AM RU EN WA FR

Միթէ Հայ Ժողովուրդը Պիտի Շարունակէ՞ Մնալ Թմբիրի Մէջ, Եթէ Փաշինեան Բանտարկէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը. Յարութ Սասունեան

06-08-2026 13:48 Հայաստան Քաղաքականութիւն
Միթէ Հայ Ժողովուրդը Պիտի Շարունակէ՞ Մնալ Թմբիրի Մէջ, Եթէ Փաշինեան Բանտարկէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը. Յարութ Սասունեան
 
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կը հատէ բոլոր կարմիր գիծերը` շրջանցելով իր լիազօրութիւններու սահմանները:
Անցնող ութ տարիներուն Փաշինեանը խախտած է հարիւրաւոր օրէնքներ եւ Սահմանադրութեան բազմաթիւ դրոյթներ: Մինչդեռ, մեծ թիւով հայեր յայտնուած են ճաղերու ետին ոչ թէ իրաւախախտումներու, այլ պարզապէս անոր հետ անհամաձայնութեան պատճառով. հիմնարար իրաւունք մը, որ ժողովրդավարական երկրի մէջ պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար:
Փաշինեանը յստակ դարձուց, որ օրէնքները իր վրայ չեն կիրարկուիր: Ան ինքնագոհ կը պարծենայ, թէ կրնայ խախտել որեւէ օրէնք, եւ ոչ մէկ դատաւոր կրնայ կասեցնել զինք:
2018-ին իշխանութիւնը զաւթելէն ի վեր Փաշինեան դաժանօրէն յարձակեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր առաջնորդներուն վրայ: Հակառակ իր ոչ քրիստոնէավայել վարքին, ան յաճախ մէջբերումներ կը կատարէ Սուրբ Գիրքէն՝ իր միամիտ հետեւորդները մոլորեցնելու նպատակով: Ըստ Աստուածաշունչի (Մատթէոս 4:5-7, Ղուկաս 4:9-12, Սաղմոս 91:11-12), սատանան նոյնպէս, Սուրբ Գիրքը վկայակոչելով, կը յորդորէր Յիսուսը նետուելու տաճարի աշտարակէն՝ վստահեցնելով, թէ հրեշտակները պիտի փրկեն զինք: Յիսուս արձագանգած է` մէջբերելով Երկրորդ Օրինաց 6:16-ը. «Քու Տէր Աստուածդ մի՛ փորձեր»:
Թէեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին զաւակ ունենալու մասին անհիմն բամբասանքները վաղուց շրջանառութեան մէջ էին, սակայն Փաշինեան, իշխանութեան գալէն ետք եօթը տարի սպասելով, այդ բամբասանքը շահարկեց միայն այն ատեն, երբ այդ մէկը պահանջեցին իր քաղաքական նեղ շահերը: Աւելի քան տարիէ մը ի վեր ան կը չարաշահէ իր պաշտօնական դիրքը՝ փորձելով գահընկէց ընել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Փաշինեան հանդէս եկաւ հրապարակային կոչերով, ուղղեց անձնական սպառնալիքներ եւ նոյնիսկ անպարկեշտ բառապաշար օգտագործեց Դիմատետրի իր էջին մէջ՝ կաթողիկոսին հրաժարական պարտադրելու նպատակով: Այս բոլոր փորձերու ձախողութենէն ետք, ան նոյնիսկ շանթաժի ենթարկեց 10 բարձրաստիճան հոգեւորականներ՝ զանոնք իր կողմը գրաւելու եւ կաթողիկոսին դէմ հանելու համար:
«Եկեղեցին բարեփոխելու» քօղին տակ ան ձեւաւորած է «Քաղաքացիական կոմիտէ»` կաթողիկոսը գահընկէց ընելու նպատակով: Ուղղակի անհեթեթութիւն է, որ երկիրը կառավարելու հարցին մէջ չափազանց անկարող մէկը կը փորձէ միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն եւ որոշել, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդ կաթողիկոսը: Այս մէկը երբեք իրեն չի վերաբերիր:
Բնականաբար, այս բոլորը կոպիտ խախտում կը հանդիսանան Հայաստանի սահմանադրութեան, ուր ամրագրուած է պետութեան եւ Եկեղեցւոյ անջատումը: Սակայն, հաստատելով բռնապետական միանձնեայ իշխանութիւն, Փաշինեան յամառօրէն կը փորձէ պարտադրել իր կամքը: Յունուարի սկիզբը, երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու վեց եպիսկոպոսներէ կազմուած յանձնախումբը պաշտօնանկ ըրին Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Սարոյեանը, Փաշինեան յորդորեց անոր մերժել Եկեղեցւոյ ներքին որոշումը եւ դիմել դատարան: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը յունուար 27-ին զինք կարգալոյծ հռչակեց:
Դատարանը ապօրինաբար հրահանգեց կաթողիկոսին Սարոյեանը պաշտօնանկ չընել եւ արգիլեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը լքել երկիրը՝ զրկելով զինք եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց եպիսկոպոսները Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցող եպիսկոպոսաց կարեւորագոյն ժողովին մասնակցելու կարելիութենէն: Բայց եւ այնպէս ժողովը տեղի ունեցաւ, եւ աշխարհասփիւռ 25 եպիսկոպոսներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ դատապարտելով Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ դէմ կատարուող դատական հետապնդումը:
Կաթողիկոսին եւ միւս վեց եպիսկոպոսներու դատավարութեան նախնական նիստը ճշդուած է 7 օգոստոսին, ժամը 16:00-ին` Վաղարշապատի (Էջմիածին) դատարանին մէջ: Ասիկա աննախընթաց երեւոյթ է, երբ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քրէական հետապնդում կը կատարուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին դէմ: Դարաւոր տիրապետութեան ընթացքին ո՛չ Օսմանեան կայսրութիւնը, ո՛չ ալ Ցարական Ռուսիան երբեւէ ոեւէ կաթողիկոս դատի տուած են: Միակ բացառութիւնը Խորէն Ա. կաթողիկոսի սպանութիւնն էր, որուն 6 ապրիլ 1938-ին խեղդամահ ըրին խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալները:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դատարան տանիլը բացայայտ ապօրինութիւն է եւ Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ լիազօրութիւններու կոպտագոյն չարաշահում: Աւելի քան 1700 տարի հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ կը պարծենան, որ Հայաստանը առաջին պետութիւնն է, որ քրիստոնէութիւն ընդունած է իբրեւ պետական կրօն: Սակայն ինքնին Հայաստանի իշխանութիւնը այժմ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան նկատմամբ կը վերաբերի իբրեւ յանցագործներու:
Միակ լաւ նորութիւնը Գարեգին Բ. կաթողիկոսին այն յայտարարութիւնն է, որ ինք հրաժարական պիտի չտայ` նոյնիսկ ձերբակալուելու եւ բանտարկուելու պարագային: Ան պիտի շարունակէ ծառայել իբրեւ օրինական կաթողիկոս նոյնիսկ անազատութեան մէջ:
Վերջին ութ տարիներուն Փաշինեանի կառավարութիւնը կատարեց շարք մը հակաեկեղեցական աննախընթաց քայլեր.
– 2018-ին չեղարկեց հոգեւորականներու դիւանագիտական անցագիրները:
– Հանրային դպրոցներու ուսումնական ծրագիրէն չեղարկեց «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն» նիւթը:
– 2024-ին դադրեցուց քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ հոգեւոր սպասաւորներու ծառայութիւնը:
– Դադրեցուց հոգեւորականներու ծառայութիւնը բանակին մէջ:
– Կը նախատեսէ բռնագրաւել եկեղեցւոյ բոլոր շէնքերն ու ունեցուածքը:
– Անվտանգութեան ուժերը խուզարկութիւն կատարած են Սուրբ Էջմիածինի տարածքին մէջ` արքեպիսկոպոս մը ձերբակալելու համար:
– Կեղծ մեղադրանքներով ձերբակալած եւ կալանաւորած է քանի մթ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
– Խախտելով Ազգային ժողովի կանոնակարգը` իշխանութիւնները թոյլ չտուին, որ կաթողիկոսը օրհնութեան խօսք արտասանէ 2 օգոստոս 2026-ի նստաշրջանի բացման:
– Եկեղեցիէն հարիւր հազարաւոր տոլարներու տուրքեր եւ տուգանքներ գանձած է հաւատացեալներու կողմէ մոմերու ձեռքբերման համար, հակառակ այն հանգամանքին, որ Եկեղեցին ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն է, իսկ մոմ գնողները իրականութեան մէջ նուիրատուութիւն կ՛ընեն:
Դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը պարտաւոր է օգոստոս 7-ին մերժել կաթողիկոսի եւ վեց եպիսկոպոսներու դէմ ուղղուած մեղադրանքները, որպէսզի չդառնայ Փաշինեանի ապօրինութիւններու յանցակիցը: Հակառակ պարագային, դատաւոր Մանուկեան պիտի դառնայ միջազգային ծաղրի առարկայ, երբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վերջնականապէս արձանագրէ, որ անոր դատավճիռը խախտած է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը:
Մինչդեռ, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի հայերը պէտք է սթափին երկարատեւ թմբիրէն եւ բարձրացնեն իրենց բողոքի ձայնը: Եթէ անոնք շարունակեն լռել նոյնիսկ կաթողիկոսին ձերբակալութենէն եւ բանտարկութենէն ետք, ապա ո՛չ Եկեղեցի, ո՛չ ալ հայրենիք ունենալու արժանի պիտի ըլլան։
 
Նոյեան Տապան   |   Քաղաքականութիւն

 

 

Կարդացել են 16 անգամ