Այս օրերուն Հայաստանի կամ Երեւանի մասին զանազան յօդուածներ կը հրատարակուին Թրքական թերթերու մէջ


Այս օրերուն Հայաստանի կամ Երեւանի մասին զանազան յօդուածներ կը հրատարակուին Թրքական թերթերու մէջ

  • 07-07-2011 17:20:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ինչպէս երէկ մանրամասնօրէն հաղորդած էինք, Թուրք լրագրողներ Երեւան գացած էին ու շփումներ ունեցած էին տեղւոյն ղեկավար դէմքերուն հետ։ Այս կապակցութեամբ, այս օրերուն Հայաստանի կամ Երեւանի մասին զանազան յօդուածներ կը հրատարակուին Թրքական թերթերու մէջ։ Ասոնցմէ մէկն է »Վաթան«ի մէջ Տողան Սաթմըշի յօդուածը, ուր կը պատմուի որ երկխօսութեան հեռանկարով Հայաստան հրաւիրուած թուրք լրագրողները այցելեցին նաեւ Երեւանի Նահատակաց Յուշարձանն ու Ցեղասպանութեան Թանգարանը։ Անոնք տեսան Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ տեղահանուած հայերու մասին թուրքերը ամբաստանող գիրքեր ու լուսանկարներ։ Թանգարանի Տնօրէն Հայկ Դէմոյեանին թուրք լրագրող մը ուղղեց այն հարցումը, թէ մինչ թուրքերը կ’ամբաստանուին այս խնդրին մէջ, ինչո՞ւ հոս խօսք չկայ նաեւ այն թուրքերուն մասին որոնք հայերուն օգնեցին։ Դէմոյեան սապէս պատասխանեց. »Այո՛, գիտենք որ այդպիսի թուրքեր կային։ Յառաջիկայ տարի թանգարանը ընդարձակած ու հոն նոր բաժին մը բացած պիտի ըլլանք, այս անգամ պիտի բանանք նաեւ այդպիսի թուրքերու մասին բաժին մը։ Ես կրնամ խօսիլ երեք տիպար թուրքերու մասին որոնք հայերուն օգնեցին։ Ասոնցմէ մէկն է Ուրֆացի դատաւոր մը, որ ըստ միսիոնարներու տեղեկութեանց, շատ օգներ է հայերուն։ Ժամանակակիցները զինքը »Կեավուրներու փաստաբանը« անուաներ են։ Ասոր պատկերն իսկ պիտի ցուցադրենք։ Երկրորդը Ատանացի մըն է, որ որպէս զոհ բերուած հայերուն առջեւ կանգնելով ըսեր է մարդասպաններուն. »Նախ զիս կը սպաննէք, վերջը՝ զանոնք«։ Երրորդն ալ Քիւթահիոյ այդ շրջանի Քաղաքապետն է, ան ալ բազմաթիւ հայեր պաշտպաներ է«։ Դէմոյեան դիտել տուաւ որ թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ Մուրատ Պարտաքճըի կողմէ հրատարակուած »Թալաթ Փաշայի նօթերը« տետրակը։ Երբ լրագրողներ դիտել տուին որ Թալաթ Փաշայի տետրակին մէջ զոհուած հայերուն թիւը մէկուկէս միլիոնէն նուազ է, Դէմոյեան պատասխանեց որ պատահարները 1915ով սահմանափակուած չեն, ատոր նախորդող ու յաջորդող շրջաններն ալ կան։ Թղթակցութեան մէջ կը նշուի որ թուրք լրագրողներուն համար հետաքրքրական էր իմանալ նաեւ Մեծամօրի Աթոմակայնին մասին։ Պատասխանատուները յայտնեցին որ վախնալիք բան չկայ, եթէ վտանգ մը կայ, վտանգը Թուրքիայէ առաջ Երեւանի բնակչութեան համար վտանգ է որովհետեւ Հայաստանի 3,2 միլիոն բնակչութեան գրեթէ ամբողջութիւնը Երեւանի մէջ կը բնակի։ Աթոմակայանը քննարկուեցաւ Միջազգային Աթոմական Խորհուրդի կողմէ եւ գոհացուցիչ նիշ ստացաւ, շարունակ ալ քննարկումի տակ կը գտնուի, վախնալու բան չկայ։ Այս աթոմակայանը իր կեանքը պիտի լրացնէ 2016-ին։ Նոր աթոմակայանի մը կառուցումը ծրագրուած է։ Հայաստան ուզեց ելեկտրականութիւն վաճառել Թուրքիոյ, բայց Թուրքիա մերժեց։ Թղթակցութեան մէջ յաճախակի կերպով կը խօսուի նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան ու Վրաստանի վրայով Թուրքիայէ ներածուած ապրանքներու մասին։ Այսօր »Թարաֆ«ի մէջ ալ հրատարակուած է Փէլին Ճէնկիզի մէկ յօդուածաշարքին երկրորդը, ուր յօդուածագիրը կը խոստովանի որ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին դժուարացան յստակ տեսնելու Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը։ Երկրին մէջ վիճակագրական տուեալներ չկան, բնակչութիւնը պաշտօնական տուեալներու համաձայն 3,2 միլիոն է, հարցեր կան անգործութեան կամ տուրք հաւաքելու խնդիրներուն մէջ։ Յօդուածին կարեւոր մէկ մասը տնտեսական տուեալներու վրայ հիմնուած է, Հայաստան, որուն ցամաքային սահմանները գրեթէ ամբողջութեամբ փակ են, պարտաւոր է նոր ճամբաներ փնտռելու։ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական կապեր չըլլալով հանդերձ, գործարարները հասարակաց ծրագիրներ մշակել սկսան։ Մէտիայի բնագաւառէն ներս, թերթերու արժեգիները շատ բարձր են։ Հոս ալ խօսք կայ Մեծամօրի Աթոմակայանի մասին, որ կը նմանցուի Ճաբոնի ուքուշիմային։ Հոս յօդուածագիրը կը գրէ որ թէեւ Միջազգային Աթոմական Խորհուրդը նպաստաւոր տեղեկագիր տուած է Մեծամօրին համար, բայց այս տեղեկագիրը ո՛չ մէկուն գոհացում պատճառած է։ Մէտիա Սթիլի խմբագիր Գարէն Յարութիւնեան ըսած է որ իրենք ալ կը վախնան աթոմակայանէն։ Աթոմակայանէն փրկուելու պարագան կախեալ է Կովկասներու իրավիճակներու զարգացումներէն։ Անդրսահմանային Ջուրերու Շրջապատի Հիմնարկութեան ղեկավարներէն Լեւոն Մարտիրոսեանն ալ ըսած է հետաքրքրական բան մը։ Ան դիտել տուած է որ երկու երկիրները իրարմէ բաժնող Արփաչային ջուրերը քննուեցան ու որոշ ապականում տեսնուեցաւ ջուրին մէջ։ Ինք, հակառակ որ երեք անգամ Կարս գնաց, խօսակից մը չկրցաւ գտնել այս նիւթերու շուրջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը