»Տհը Սթրէյթս Թայմս« սինկափուրեան պարբերականը անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն


»Տհը Սթրէյթս Թայմս« սինկափուրեան պարբերականը անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն

  • 23-05-2011 12:44:44   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա »Տհը Սթրէյթս Թայմս« սինկափուրեան պարբերականը, միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի եւ հոն տեղակայուած 800ամեայ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մասին պատմելով, անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։ Թերթը, ըստ հայաստանեան աղբիւրներուն, մասնաւորաբար կը գրէ հետեւեալը. »Հին հայկական Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անիի ցուրտ օդի մէջ զգալի է աշխարհաքաղաքական ձգտեալ վիճակի պաղ շունչը։ Քաղաքական ձգտեալ վիճակի առաջին վկաները ռազմական դիտակէտերն են, որոնք երկու կողմէ տեղակայուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանագծի վրայ։ »Տակաւին 1970ականներուն այս հատուածը ցուրտ պատերազմի գօտի էր, տեղւոյն բնակիչներուն կը սորվեցնէին թէ ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանուիլ, երբ Խորհրդային Միութիւնը կամ ՆԱԹՕ սկսէին ռմբակոծել այս հարթավայրը։ Հակառակ ցուրտ պատերազմի աւարտին, հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն հարթուած։ Երկու երկիրներու միջեւ տարակարծութիւնները աւելի խորացան Ղարապաղեան հարցի առընչութեամբ, երբ Թուրքիա, յանուն Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան, փակեց հայ-թրքական սահմանը«։ Անիի աւերակներու գեղեցկութիւնը նկարագրելով, պարբերականը կը նշէ որ այս վայրը մեծապէս կը զանազանուի Իսթանպուլի բարձր մինարէներէն ու Թուրքիոյ ալ զբօսավայրերէն։ »Որպէս Բագրատունիներու թագաւորութեան քաղաքական ու առեւտրական կեդրոն, Անին 10րդ դարուն 100 հազարէն աւելի բնակչութիւն ունէր։ Սակայն երկրաշարժերն ու ներխուժումները, որոնք դարեր շարունակ առկայ էին հոս, աւերակներու վերածեցին այս հրաշակերտ քաղաքը«։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play