Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան. Տպաւորութիւններ Պոլիսէն


Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան. Տպաւորութիւններ Պոլիսէն

  • 12-04-2012 11:24:43   | Լիբանան  |  Վերլուծություն
Անձնական նախաձեռնութեամբ եւ անպաշտօն հանգամանքով 3-9 Ապրիլ 2012-ին Աւագ Շաբաթը եւ Ս. Զատիկը Պոլիս անցուցի: Քանի մը տարիներ առաջ ապրած աղուոր փորձառութիւնս զիս մղեց դարձեալ գտնուելու պոլսահայութեան հետ, ուր իւրաքանչիւր այցելութեան ո՛չ միայն անցեալը որպէս յուշ կը գգուէ զիս, այլ ներկան կը լեցնէ երկարաձիգ ապրումներով: Նախ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ ացելեցի Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին, որ աւելի հիւծած էր եւ նոյն անմխիթար վիճակին մէջ կը գտնուէր` մօրը մշտական խնամքին յանձնուած: Սիրելի Պատրիարքին վաղահաս եւ ակամայ զրկուածութիւնը իր ուսերուն ծանրացած «քաղցր լուծ»էն, գերզգալի բաց մը թողած է պոլսահայութեան եկեղեցական եւ համայնքային կեանքին մէջ: Այս իրավիճակին դիմաց միայն կրնամ վերյիշել այն ճշմարտութիւնը, թէ կեանքը շատ աւելի հարցականեր ունի քան պատասխաններ, եւ ես ալ մունջ կը դառնամ մեծ «ինչո՞ւ այսպէս եղաւ» հարցումին դիմաց, յուսալով որ արդար Աստուծոյ պատասխանը կը լուսաբանէ այս ծալքը: Միւս օրերը լեցուն եղան տէրունի յիշատակներով լի արարողութիւններով, որոնց մասնակցեցայ զանազան եկեղեցիներու մէջ: Բնական Աւագ Շաբաթ եւ Ս. Զատիկ ըլլալու սահմանուած ժամանակը վերածուեցաւ նոր տպաւորութիւններու շղթայի մը, որուն օղակներէն պիտի առանձնացնեմ միայն երկուքը: Պոլսահայութիւնը, ինչպէս ամեն հայկական համախումբ ներկայութիւն, ունի իր հին ու նոր մտահոգութիւնները եւ իրագործումները: Կեանքը կը թաւալի իրեն յատուկ վերիվայրումներով, որուն մէջ մարդ եւ հաւաքականութիւն իրենց դրոշմը կը թողուն եւ կամ առօրեան ապրելով կ'անցնին ու կ'երթան: Հոգեւորական եւ աշխարհական պատասխանատուներու ու բարեկամներու հետ անսպառ մտորումներու նիւթ էին համահայկական եւ պոլսահայկական հարցերը, որոնց ենթակայական եւ առարկայական եզրայանգումները ծրարուած կը մնան միայն մեր ներաշխարհներուն մէջ: Աւելի լաւ օրերու յոյսն է, որ քիչ մը ամեն տեղ հայապահպանման ընթացքը կը զսպանակէ: Առաջին տպաւորութիւնս Եսայեան Վարժարանէն խումբ մը ուսանող-ուսանողուհիներու հետ Աւագ Ուրբաթ օր Պոլսոյ համեմատաբար հեռաւոր շրջաններուն մէջ այսօր ամէն կիրակի հոծ հայ հաւատացեալներէ զրկուած եկեղեցիներու այցելութիւնն էր: Այս երեսուն պատանիները այնպիսի՜ հաւատքով, հասկացողութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ կատարեցին իրենց ուխտագնացութիւնը, որ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մէջ վառուած մոմին հետ հայ քրիստոնէական ապրումի անմար կանթեղ մը բոցկլտաց: Այս բուռ մը տղոցմով եկեղեցիները վերապրեցան իրենց դարաւոր անցեալը եւ մոռցան ներկայի պարտադրեալ մինակութիւնը: Քարերը լեզու ելան եւ պատմեցին իրենց անցեալի փառքը եւ հինին ու նորին անքակտելի ագուցումը սրբեց մոռացութեան փոշին եւ լոյս ցանեց ապագայի անորոշ ճանապարհին վրայ: Երկրորդ տպաւորութիւնս Ֆերիգիւղի ճրագալոյցի երեկոյեան ժամերգութիւնն էր, երբ եօթէն տասնհինգ տարիքի աւելի քան յիսուն դպիր-դպրուհիներ իրենց անմեղ շրթներով ընթերցուածները կարդացին եւ նախաձայնեցին սուրբ յարութեան մեծ խորհուրդը: Այնքան շատ էին անոնք, որ թէ՛ ծննդեան եւ թէ զատկուան ընթերցուածները մաս առ մաս բաշխուած հազիւ բաւած էին բոլորին…: Առաջին անգամ այսպիսի հոգելից պահ մը կ'ապրէի: Ճրագալոյցի ընթերցուածներուն եկեղեցիները գրեթէ պարապ կ'ըլլան. թերեւս զանոնք կարդացող փոքրաթիւ պատանիներուն ծնողներն ու մեծ ծնողները հազիւ կը բարեհաճին եկեղեցի գալ: Իսկ հոս մէկ ժամէն աւելի տեւեց այս օրհնեալ պահը` մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեան: Երբ սուրբ պատարագի ընթացքին «Մի՛ վախնաք» (Մատթէոսի Աւետարան 28.5) բնաբանով քարոզեցի Քրիստոսի յարութեան մասին, ուխտաւոր ուսանողներու եւ ընթերցող դպիրներու շարանը տողանցեց աչքիս առջեւէն, ու հիմա նոյն պատկերին դիմաց կը մտածեմ, թէ որքա՜ն ճղճիմ էին մեր` մեծերուս պատրիարքական ընտրութեան եւ այլ անհամար հարցերու շուրջ ծաւալած ու տակաւին ծաւալող գրաւոր թէ բերանացի վերլուծումը, քննադատութիւնը եւ նոյնիսկ անյարմար արտայայտութիւնները: Այս հայ տղաքը կու գան ինծի -եւ մեզի` մեծերուս- ըսելու. «Ի սէր մեզի եւ վաղուան մեր նման հայորդիներուն, ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն, պատռեցէք ձեր ամէնօրեայ գձուձ հաշիւներուն պարտամուրհակը: Վեր ելէք ձեր առօրեայ մաշեցնող ապարդիւն ըսի-ըսաւներէն: Մի՛ վախնաք ժամանակաւոր դժուարութիւններէն, այնքան ատեն որ մեր` նոր սերունդին աչքերուն մէջ կը շողայ յարութեան անշէջ կրակը, շրթներուն վրայ կը հնչէ հայ աղօթքն ու շարականը, հայ դպրոցի գրասեղանին վրայ բաց կը մնայ հայ գիրքը եւ մեր քայլերը կ'ընթանան հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին եւ հայ եկեղեցւոյ շաւիղներով»: Չեմ գիտեր, թէ այս տղոցմէ քանի հոգի վաղը հայ «փոքր ածու»ին մէջ պիտի մնայ, սակայն գոնէ այսօր իրենց պճլտուն աչքերը եւ հայախօս շրթները հոգիս կը լեցնեն անցեալի փառքով, ներկայի կեանքով եւ ապագայի յոյսով: Ես այս տարի Քրիստոսի յարութեան անմար կրակը տեսայ պոլսահայ մանուկներուն բոցավառ աչքերուն մէջ եւ ըսի. «Տէ՜ր, չեմ վախնար…»: Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Պիքֆայա, 12 Ապրիլ 2012
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play