Վեհափառ Հայրապետը օծեց Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Վանքի վերանորոգվող զանգակատունը


Վեհափառ Հայրապետը օծեց Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Վանքի վերանորոգվող զանգակատունը

  • 23-05-2012 16:40:17   | Լիբանան  |  Հասարակություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երկուշաբթի 21 Մայիս 2012-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» Դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպեցան Թաւրիզի բոլոր հայկական միութիւններու, կազմակերպութիւններու անդամները: Լսելէ ետք Կաթողիկոսական Փոխանորդին ներածականը, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու աշխոյժ գործունէութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հոգեւոր, մշակութային, բարեսիրական ու մարզական բնագաւառներէ ներս, թեմական կառոյցները եւ միութիւնները կը շարունակեն իրենց առոյգ գործունէութիւնը, ծառայելով մեր ժողովուրդին: Նորին Սրբութիւնը ծանօթացաւ իւրաքանչիւր միութեան ու կազմակերպութեան վարչական աշխատանքին, իր թելադրութիւնները կատարեց եւ տուաւ իր հայրական յորդորները, եւ ապա մեկնեցաւ Ճուլֆա քաղաքը, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Վանքը, կատարելու համար անոր վերանորոգեալ զանգակատան օծումը: Դէպի վանք ուղեւորութեան ճամբուն վրայ, Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ Ազգային Գերեզմատուն, եւ «Հոգւոց» արտասանեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդ Հոգելոյս Տ. Նշան Եպս. Թօփուզեանի շիրիմին: Առաւօտ կանուխէն արդէն ժողովուրդը հանրակառքերով հասած էր վանք, եւ պատրաստ դիմաւորութեան: Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով ժամանելով պատմական վանքը, ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ ժողովուրդին կողմէ եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց տաճար: Կանոնական աղօթքէն ետք, բարի գալստեան խօսք ուղղեց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, որ անդրադարձաւ վանքի պատմութեան, մատենագիրներէն վկայութիւններ մէջբերեց անոր կառուցման եւ դարերու ընթացքին կատարուած վերանորոգութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ «այս օրը եւս պատմական օր է, երբ վերանորոգեալ զանգակատան օծումը կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ, որ մեր Թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, ուխտաւորաբար կայցելէ այս դարաւոր վանքը»: Այնուհետեւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Վանքի զանգակատան տակը, ուր տեղի ունեցաւ ջուրով եւ գինիով լուացումը այն չորս սիւներուն, որոնք օծուեցան Վեհափառ Հայրապետին սուրբ աջով: Ապա, Նորին Սրբութիւնը Ս. Ստեփանոս նախավկայի մասունքը պարփակող Ս. Աջով օրհնեց ներկայ բազմութիւնը եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց անոնց. «Ատրպատականի Հայոց Թեմի այս վանքը, ինչպէս նաեւ Ս. Թադէն ու բոլոր միւս սրբավայրերը հաւատքի արտայայտութիւններ են, որոնք դարեր շարունակ մեր ժողովուրդին մէջ քրիստոնէական հաւատքը կենդանի պահեցին: Այս վկայարանները հաւատքի, համայն աշխարհի հայութեան համար իրենց նշանակութիւնը ունին: Ուստի պէտք է միշտ գուրգուրանք անոնց, կենդանի պահենք հինէն եկող աւանդութիւնները այս վանքերուն ու սրբատեղիներուն նկատմամբ, եւ մեր այցելութիւններով, մեր աղօթքներով, մեր ուխտերով ու հոգածութեամբ, պահպանենք զանոնք կորուստէ» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: «Հայր Մեր»ի հաւաքական երգեցողութեան ընթացքին ղօղանջեց վանքին հնադարեան զանգը, շրջակայ անառիկ լեռներուն մէջ դարձեալ զնգալով, եւ յիշեցնելով անցող դարերու բազմաթիւ վանահայրերու եւ վանականներու խորունկ աղօթքն ու մաղթանքը առ Աստուած: Ս. Ստեփանոսի վանքին մէջ կարճ հանգիստէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով ուղղուեցաւ Ուրմիա քաղաքը:
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն