ԱԶԷՐԻՆԵՐՈՒ ՑՈՅՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՕՏ ԿԱՄ՝ԹՈՒՐՔ-ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԵՂԾ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԾԱՂԿԱՔԱՂ ՄԸ


ԱԶԷՐԻՆԵՐՈՒ ՑՈՅՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՕՏ ԿԱՄ՝ԹՈՒՐՔ-ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԵՂԾ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԾԱՂԿԱՔԱՂ ՄԸ

  • 20-09-2012 08:05:30   | Ֆրանսիա  |  Քաղաքական

Սեպտեմբեր 18ի երեկոյեան, Հայաստանի դեսպանատան առջեւ ցոյց կատարելու համար, 150էն 200 Ազէրիներ եւ ազգայնամոլ Թուրքեր (նշմարելի՝ իրենց շարժումներէն եւ զգեստաւորումէն), եկած էին Ֆրանսայէն եւ Եւրոպայի չորս անկիւններէն, յատկապէս Հոլանտայէն եւ Գերմանիայէն՝ հանրակառքերով: Ապահովութեան ուժերուն կողմէ՝ Դեսպանատան փողոցին երկու ծայրերը փակուած ըլլալով՝ անոնք ստիպուեցան փողոցին անկիւնէն կատարել իրենց բողոքի շարժումը: Մեծամասնութեամբ ազէրպայճանական դրօշակներու կողքին կային քանի մը թրքականներ ալ: Պարզուած էին «Անկցի՛ն գրաւողները եւ ահաբեկիչները», «Անպայմա՛ն պիտի ազատագրենք մեր հողերը», «Աշխարհ պէտք է արտայայտէ իր կեցուածքը՝ հայկական ահաբեկչական սպառնալիքներուն դէմ», «Ուշ կամ կանուխ Ազէրպայճան պիտի՛ վերահաստատէ իր հողային ամբողջականութիւնը», «Սարգսեան՝ Խոճալուի ցեղասպան», «Հայաստան՝ ահաբեկիչ» եւ նման արձանագրութիւններ կրող պաստառներ: Ցուցարարները վանկարկեցին «Ղարաբաղը՝ Հայոց գերեզման պիտի ըլլայ», «Սարգսեան՝ երախայի մարդասպան», «Հայը ահաբեկիչ՝ իր ԱՍԱԼԱ-ով, Դաշնակով», «Անկցի՛ Հայաստանը», «Հայ լակոտները չեն կրնար վհատեցնել մեզ», «Եւրոպա,՛ արթցի՛ր, շանդ տէր կեցիր»… եւլն.: Իր ամէն յայտարարով ակներեւ էր, որ վերջին պահուն կազմակերպուած ձեռնարկ էր: Այն աստիճան, որ բարձրախօսը կրող կառքը հասաւ ցոյցին կէսերէն վերջ, իսկ խօսնակին, ելոյթ ունեցողներուն ճառերէն ալ կը պարզուէր պատրաստութեան պակասը… բացառութեամբ մէկ բանի. բոլորն ալ, անխտիր, շատ բնատուր կերպով թոյն ու ոխ կ?արձակէին: Տրուած ըլլալով, որ այս ցոյցը չունէր հիմնական որեւէ յենակէտ կամ շարժառիթ, այլ պարզապէս կազմակերպուած էր «Հրապարակը չթողելու համար Հայոց», ինչպէս կազմակերպիչներուն կողմէ իսկ նշուած էր ցոյցի յայտարարութեան մէջ, ուրեմն պէտք էր ձեւով մը իմաստաւորել զայն: Այսպէս, ան վերածուեցաւ թուրք-ազէրպայճանական քարոզչութեան իսկական ծաղկաքաղի մը ներկայացման հանդիսութեան: Տարիներէ ի վեր ինչ որ կը լսենք՝ կար հոն: Եւ աւելի՛ն ալ: Տողանցեցին՝ «Ցեղասպանութեան հայկական սուտէն մինչեւ ազէրպայճանական պապենական հողերու գրաւում. մէկ միլիոն Ազէրիի տեղահանում՝ Հայոց կողմէ. Խոճալուի ջարդ, արեւմտեան ընդհանուր անարդար կեցուածք՝ Թուրքին եւ Ազէրիին նկատմամբ»…, եւլն.: Յաւելեալ՝ վայելեցինք (ցուցարարներէն դուրս՝ ընդամէնը 6 հոգի) սաֆարովեան թղթածրարէն գլուխ-գործոցներ: Ընդհանրապէս ըսուածը հետեւեալն էր. «Ի՛նչ եղեր է որ: Հայերը ինչեր ըրած են բաղդատած ատոր»: Հնչեցին ասդիէն-անդիէն՝ «Բոլորս Սաֆարովներ ենք»: Մէկը իր խօսքին մէջ սպառնալից ըսաւ՝ «մեր նահատակներէն իւրաքանչիւրի հոգին պիտի դուրս գայ հողէն եւ վերակենդանանայ Սաֆարովներու մէջ»: Ու դեռ արժանացանք Թուրքին բարի կամքին, ներողամտութեան, մարդասիրութեան մասին քարոզներու: Քանի մը Թուրքերու եւ Ազէրիներու՝ նոյն յանկերգերով, նոյն ատելավառ ոգիով ելոյթներէն ետք հնչեցին ազգայնական երգեր՝ «Ղարաբաղի մէջ պիտի պարզենք մեր դրօշը»ի նման բառերով… Երգացանկին մէջ «սպրդած» էր նաեւ «Սարի Կեալին»ը: Ազէրպայճանական փառերգէն ետք, այս «եզակի» հանրահաւաքը վերջ գտաւ թուրք-ազէրի ժողովուրդներու միասնութեան կոչերով, մինչեւ Թաւրիզ երկարող Ազէրպայճանի երզանաքներ փայփայելով ու մանաւանդ՝ «յաջորդ հանրահաւաքը՝ Ղարաբաղի մէջ կազմակերպել»ու ուխտով: ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play