ԱՄՆ Քոնկրեսը Պէտք Է Հետաքննէ Արտ. Գործոց Նախարարութիւնը՝ Արցախի Օժանդակութիւնը Չտրամադրելուն Համար


ԱՄՆ Քոնկրեսը Պէտք Է Հետաքննէ Արտ. Գործոց Նախարարութիւնը՝ Արցախի Օժանդակութիւնը Չտրամադրելուն Համար

  • 03-09-2010 21:41:42   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անփոյթ եւ ապօրինի վերաբերմունք ցուցաբերած է՝ չտրամադրելով Քոնկրեսին կողմէ Արցախին յատկացուած դրամական օժանդակութիւնը վերջին 12 տարիներուն ընթացքին: Անցեալ շաբաթ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը բացայայտեց, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին կողմէ Արցախին յատկացուած գումարին միայն կէսը վճարած է: 1998-2010 թուականներուն Քոնկրեսը Արցախին 61 միլիոն տոլարի դրամական օժանդակութիւն յատկացուց՝ առանց հաշուելու 2000-2002 թուականներուն յատկացուած շուրջ 10 միլիոն տոլարը: Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ձեռք բերուած ԱՄՆ կառավարութեան փաստաթուղթերէն պարզ դարձած է, որ 1998-2010 թուականներուն արտաքին գործոց նախարարութիւնը իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի մէջ ծախսած է միայն 36 միլիոն տոլար: ԱՄՆի Դեմոկրատական եւ Հանրապետական իրերայաջորդ վարչակարգերը, Ատրպէյճանը գոհացնելու համար, փորձած են խափանել Արցախին օգնութիւն տրամադրելու Քոնկրեսին ջանքերը: Ի զօրու չըլլալով կանխելու նման յատկացումներու հաստատումը՝ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսի կամքին հակառակելու համար խորամանկ հնարքներու դիմած է՝ Արցախին տրամադրելով յատկացուած դրամական օժանդակութեան միայն մէկ մասը: Ատրպէյճան մնայուն կերպով պնդած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախին յատկացուող որեւէ օգնութիւն պէտք է ուղարկուի Պաքուի միջոցով: Հակառակ վարչակարգի եւ Ատրպէյճանի առարկութիւններուն, Քոնկրեսը կը շարունակէ օգնութիւն յատկացնել Արցախին՝ զայն դարձնելով նուազ սահմանափակ. 2010 թուականին անոր նախատեսած 8 միլիոն տոլարը յատկացուած է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախագիծերու եւ միջոցառումներու համար», այլ ոչ բացառապէս մարդասիրական ծրագիրներու: Տասներկու տարիներու ամբողջ ընթացքին ոչ Հայաստանը, ոչ Արցախը, եւ ըստ երեւոյթին ոչ ալ ամերիկահայ համայնքը Քոնկրեսին մօտ բողոքած է արտաքին գործոց նախարարութեան դէմ՝ Արցախին յատկացուած գումարնեը ամբողջութեամբ չտրամադրելուն համար: Զարմանալի է, որ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կատարուած կրճատումներու բացայայտումէն ետք, Արցախի բարձրաստիճան ոեւէ պաշտօնեայ կարեւոր չհամարեց տրամադրուած օժանդակութեան նուազեցումը: Ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանը յատկացումներու ծաւալին նուազեցումը արդարացուցած է՝ զայն կապելով վերջին տարիներուն Արցախի մէջ արձանագրուած «տնտեսական բաւական աճի»ն հետ: Մինչ հայերը զարմանալիօրէն լուռ կը մնային, Քոնկրեսը 2001 թուականէն սկսեալ, բազում անգամ կոչ ըրած է վարչակարգին «անյապաղ փոխանցել մնացած 20 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւնը, որ բանաձեւով նախատեսուած էր 1998 թուականի ելմտական տարուան համար»: Բացի ատկէ, Ներկայացուցիչներու տունը արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջած է, որ 15 օրուան ընթացքին զեկուցէ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Արցախի ցուցաբերուած աջակցութեան մնացած գումարին մասին՝ օժանդակութեան օրինագիծը ուժի մէջ մտած պահէն սկսեալ: Նաեւ 2004-2005ին, Ծերակոյտը ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութենէն (USAID) պահանջած էր 60 օրուան ընթացքին ներկայացնել իր ծրագիրները՝ յատկացուած դրամական միջոցները ծախսելու վերաբերեալ՝ օժանդակութեան օրինագիծը ի գործ դրուելէն ի վեր: Ցաւօք, մեղքի առիւծի բաժինը կ՛իյնայ Օպամայի վարչակազմին վրայ: Անոր պաշտօնավարման առաջին երկու տարիներուն ընթացքին չէ վճարուած 12 միլիոն տոլար, այսինքն՝ 1998 թուականէն ի վեր Արցախին յատկացուած եւ չվճարուած գումարներուն մէկ երրորդը: Ծերակուտական Պարպըրա Պաքսըր հնարաւորութիւն ունեցաւ այս հարցը հետապնդելու Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու առաջադրուած Մեթիու Պրայզայի հետ, Յուլիս 22ին ԱՄՆ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս անոր հաստատման համար կայացած լսումներուն ընթացքին: Ծերակուտականը ցանկացած է պարզել, թէ ինչո՞ւ Արցախին յատկացուած 16 միլիոն տոլարի օգնութեան գումարէն միայն 4 միլիոնը վճարուած է վերջին երկու տարիներուն ընթացքին: Ի պատասխան Պրայզայի խուսանաւումներուն, ծերակուտական Պաքսըր պահանջած է «գրաւոր մանրամասն հաշուարկ ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղին վերջին հինգ տարիներուն համար յատկացուած բոլոր օգնութիւններուն մասին»: Ան խստօրէն հարցուցած է, թէ «Ինչո՞ւ Քոնկրեսին կողմէ 2009 եւ 2010 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուած ամբողջ գումարը չէ ծախսած»: Պրայզան անգամ մը եւս չէր կրցած գոհացուցիչ պատասխան տալ ծերակուտականի հարցումին: Հետեւաբար, ծերակուտական Պաքսըր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն խնդրած է Պրայզայի հաստատման քուէարկութիւնը յետաձգել մինչեւ Սեպտեմբերի կէսերը, Ծերակոյտի արձակուրդէն ետք: Յոյսով ենք, որ ան Պրայզային հնարաւորութիւն կու տայ պարկեշտ հաշուարկ մը պատրաստելու՝ պարզաբանելով, թէ ինչո՞ւ Ուաշինկթընի օժանդակութիւնը Արցախին ամբողջութեամբ չէ հասած: Միաժամանակ, Պրայզայի հաստատման ձգձգումը թոյլ կու տայ Ծերակոյտին աւելի հանգամանօրէն ստուգելու անոր անցեալին մասին ի յայտ եկած հարցերը: Ակնյայտ է, որ Պրայզան եւ իր նախորդները արտաքին գործոց նախարարութենէն, տարբեր հնարքներու դիմած են՝ Քոնկրեսին մտադրութիւնները խափանելու համար: Անոնք փորձած են հանգստացնել Ատրպէյճանը՝ սահմանափակելով եւ ուշացնելով Արցախին խիստ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը: Այժմ ամերիկահայերը պէտք է Քոնկրեսէն պահանջեն հետաքննել արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երկրին Օրէնսդիր մարմինի յանձնարարագիրին ձախողութիւնը՝ չծախսելով Արցախին յատկացուած օգնութեան գումարներէն 35 միլիոն տոլար, վերջին 12 տարիներուն ընթացքին: Եթէ հետաքննութիւնը թերացումներ բացայայտէ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար անձանց աշխատանքին մէջ, ապա ամերիկահայերը պէ՛տք է Քոնկրեսէն պահանջեն 35 միլիոն տոլարի միանգամեայ օգնութիւն յատկացնել Արցախին, իբրեւ փոխհատուցում՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ օրէնքով սահմանուած գումարը չծախսելուն համար: Յոյսով ենք, որ Քոնկրեսին կողմէ իրականացուող հետաքննութեան շուրջ բարձրացած աղմուկը արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար անձանց կը ստիպէ այսուհետեւ աւելի զգոյշ ըլլալ Արցախի համար նախատեսուած դրամական օժանդակութեանց առնչութեամբ: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» Թերթի Հրատարակիչ Եւ Խմբագիր
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play