Առնո Բաբաջանեանի Յիշատակին (1921-1983). Առնոն՝ 100 Տարեկան


Առնո Բաբաջանեանի Յիշատակին (1921-1983). Առնոն՝ 100 Տարեկան

  • 30-11-2021 20:20:04   | Հայաստան  |  Նշանավոր հայեր

Գէորգ Պետիկեան
 
Երաժշտագէտ մը չեմ: Բայց երգն ու երաժշտութիւնը շատ սիրած եմ ու կը սիրեմ: Որովհետեւ գիտեմ, որ «լաւ» երգը, նաեւ լաւ տրամադրութիւններ կրնայ բերել ժամերուդ: Նաեւ համեստօրէն աւելցնեմ, որ մանկութենէս ի վեր, ու մինչեւ այսօր ալ, միշտ հայ երգով ու երաժշտութեամբ լեցուցած եմ մեր տան մթնոլորտը:
 
Թերեւս հիմա հարց տաք.- ինչո՞ւ յանկարծ այս տողերը: Ըսեմ:
 
Այդ օր, յուշատետրս ինծի կը յիշեցնէր, որ այս տարի Առնոն, հարիւր տարեկան պիտի ըլլար: Բայց, ո՞վ է այս Առնոն:
Առնո Բաբաջանեան.- անկասկած, որ ան մեր ժողովուրդի պանծալի եւ տաղանդաւոր զաւակներէն մէկն էր, ծնած՝Երեւան, Յունուար 22, 1921-ին, մահացած՝ Մոսկուա, Նոյեմբեր 11, 1983-ին:
 
Զինք աւելի մօտէն ճանչնալու, գնահատելու եւ նոյնքան ալ արժեւորելու համար, դիմեցի երաժշտական բազմազան աղբիւրներու, որոնց ընթերցումներով, բոլորն ալ, այս մեծ հայուն երաժշտական աստուածատուր հսկայ տաղանդը եկան հաստատել: Տաղանդ մը, որուն շնորհիւ ան արժանի դարձած էր ե՛ւ համահայ-կական գուրգուրանքի, ե՛ւ միջազգային համբաւ-քաջալերանքի: Ուղղակի հանճար:
Որովհետեւ, ան իր ստեղծագործութիւններով երաժշտական աշխարհի մէջ, նոր շերտեր, իսկ երաժշտարուեստը ակօսելով, նոր ուղիներ բացայայտած էր։  
 
Գիտեմ, որ շատ հաւանաբար շատ-շատեր, ծանօթ են բոլորիս սիրելի ու նոյնքան ալ պաշտելի Բաբաջանյանի «Կարապի Երգը»՝ «Նոկտիւրնը» եւ «Հերոսական Բալլադը»։ Ուղղակի տաղանդ:
 
Ու յիշեցնեմ.- մեր մեծերը միշտ ըսած են, որ «տաղանդաւոր մարդը, ամէն գործի մէջ տաղանդաւոր է»։ Չէին սխալած: Որովհետեւ, մեր գիտցած ու ճանչցած հայ երաժշտագէտ «Պապաճանեան», իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին, երաժշտութեան ասպարէզին մէջ բերած էր ազգային նոր, հրաշալի եւ անկրկնելի «հիւսուածքներ», միաժամանակ ընդլայնելով մեր երաժշտական գրականութեան շրջանակները, ինչպէս որ իրմէ առաջ նոյնը ըրած էին անմահն Կոմիտասն ու աշխարհահռչակ ու համանուն՝ Արամ Խաչատուրեանը:
 
Երգահան եւ դաշնակահար Պապաճանեան, 9 տարեկանին արդէն երաժշտական իր առաջին ստեղծագործութիւնը գրած էր: Ապա, ուսանելով հայ եւ ռուս երաժաշտանոցներու մէջ, տարուէ-տարի բաւական գիտելիքներ «ամբարելով», իր հմտութեամբ ճոխացուցած էր ստեղծագործութիւններու իր ցանկը:
 
Բայց միայն գիտելիքներով չէ, որ դարձած էր համաշխահային դէմք, այլ՝ ունէր մեծ եւ անկրկնելի տաղանդն ալ: Վկայ՝ իր«գործերը»:
Կ'ըսեն, որ ան ազնիւ եւ բարեսիրտ «մարդ» մը եղած էր: Նաեւ կ'աւելցնեն, որ ան իր սրամիտ կատակներով, հիւթեղ պատմութիւններով, մարդամօտ բնաւորութեամբ, միշտ բարի ժպիտով դիմաւորած՝ իրեն ծանօթ կամ անծանօթ հիւրն ու խօսակիցը: Հաճելի ներկայութիւն մը:
Ա. Բաբաջանյանը նաեւ իր ստեղծագործական բոլոր գիծերուն մէջ, իր յօրինած երգերով ու գործիքային կատարումներով, նաեւ եղած էր փայլուն եւ տաղանդաւոր դաշնակահար մը:
 
Իր «գործերը», զինք հասցուցած էին համաշխարհային ճանաչման աստիճանին:
 
Իսկ միւս կողմէ մեծ ու փոքր, հայ թէ օտար, բոլոր մրցանակները, պարգեւներն ու շքանշանները ճոխացուցած էին իր անունն ու տիտղոսը:
Մէկ խօսքով՝ անզուգական հայ արուեստագէտ մը: Տակաւին անկախ այս բոլորէն, զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանցողներն ու իր արուեստին հետեւողները կրնան հաստատել, թէ իբրեւ երաժշտագէտ եւ յայտնի դաշնակահար, իր մասին հայ եւ օտար մամուլի մէջ երեւցած գնահատական-ները, կրնան հատորներ լեցնել: Եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասերու մեծ համերգասրահներէն ներս ունեցած եւ հրամցուցած ելոյթները, մեծապէս հիացմունքով ու գրաւիչ, դիմաւորուած էին հանդիսատեսներու կողմէ:
 
Մէկ խօսքով.- Առնո Բաբաջանյան՝ «ներքին» եւ բացառիկ ականջ ունեցող, տաղանդաւոր ու գրաւիչ անուն մը, անզուգական հայ մը միջազգային երաժշտութեան աշխարհի մէջ: Ուրիշ խօսք կամ մակդիր կարելի չէ գտնել արժեւորելու համար այս մեծ արուեստագէտի անունը:
Այսօր իր կարիքը շատ կը զգացուի: Աւելի քան երբեք մենք կարիքը ունինք Պապաճանեանի նման ստեղծագործ միտքերու, ե՛ւ ստեղծագործութիւններու, ե՛ւ տաղանդներու: Ո՞վ չի յիշեր կամ չէ լսած իր «Առաջին սիրոյ երգը», «Իմ Երեւանը», «Ազգ փառապանծը»: Տակաւին նաեւ կարելի է յիշել, որ ան գրած էր  բազմաթիւ ֆիլմերու երաժշտութիւններ: Շատեր կրնան յիշել, «Իմ սիրտը լեռներում է», « Հարսնացուն հիւսիսից» եւայլն: Տակաւին եւ մանաւանդ ռուս բանաստեղծներու յօրինած ստեղծագործութիւններով, մեծ թիւով երգեր ալ գրած էր, որոնք եկան ու հայ եւ օտար բոլոր շրջանակներէ ներս կրկնապատկեցին Բաբաջանյանի փառքը, լայն ճանաչում բերին հայ մշակոյթին ու միաժամանակ մեր երգարուեստի գանձարանը հարստացուցին զմայլելի «գոհարներով»:
 
Ներկայիս, Հայաստանի մէջ կայ իր անունով հիմնադրամ, ինչպէս նաեւ համերգասրահ, յուշարձան, եւ Մաշտոցի պողոտայի վրայ՝ յուշատախատակ: Նաեւ հանդիպած եմ իր անունը կրող յուշատախտակին՝ Դիլիճանի մէջ:
Ինք այս բոլորին արժանի էր, անկասկած եւ մանաւանդ՝ օրինակելի:
 
Արդ, կը հաւատամ, որ յոբելենական թուականները, անկիւնադարձային հետեւանք ունին եւ կ՚ապահովեն մեր ժողովուրդի յարատեւութիւնն ու կենսունակութիւնը։
 
Իւրաքանչիւր յոբելեարի նշում, խորքին մէջ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մը ալ ունի: Ամէն առիթով կրկնած եմ այս մէկը: Ահա ա՛յս «մէկը»: Եւ երբ զանոնք հրապարակային կերպով կը յիշենք, կը նշենք, կը յիշատակենք, կ'ոգեկոչենք, կը նշանակէ, որ մենք զմեզ կ՚արժեւորենք։ Լսած եմ, որ Երեւանեան երաժշտական շրջանականերէ ներս, Առնո Բաբաջանյանի արուեստի աշխարհը նմանցուցած են հսկայ կաղնիի մը, որ իրարայաջորդ սերունդներուն շուք կու տայ: Ի~նչ լաւ արժեւորում:
 
Թող յիշատակը մնայ անթառամ:
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Նշանավոր հայեր