Յարութ Սասունեան. Երեք Հարցեր, Որոնց Պատասխանել Չցանկացաւ Թուրքիոյ Դեսպանը...


Յարութ Սասունեան. Երեք Հարցեր, Որոնց Պատասխանել Չցանկացաւ Թուրքիոյ Դեսպանը...

  • 23-02-2011 12:18:20   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Փետրուար 16ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հանրային դիւանագիտութեան կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանը՝ «Հանրային դիւանագիտութիւն. թրքական փորձը» թեմայով: Թուրքիոյ դեսպանը Ուաշինկթընի մէջ իր պաշտօնը ստանձնեց անցեալ տարուան Փետրուարին, սակայն իր ժամանումէն շատ չանցած՝ ետ կանչուեցաւ Անգարայի կողմէ, երբ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը բանաձեւ մը ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Դեսպան Թան անծանօթ մարդ չէ Ուաշինկթընի մէջ, ուր 1991-1995 թուականներուն վարած է դեսպանատան խորհրդականի, իսկ 1997-2001 թուականներուն՝ առաջին խորհրդականի պաշտօնները: Իր դիւանագիտական երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին, ան եղած է Թուրքիոյ դեսպան Իսրայէլի մօտ, Թուրքիոյ դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Ռուսիոյ մօտ եւ արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ՝ Անգարայի մէջ: Այս ամիս, Լոս Անճելըս կատարած իր առաջին այցելութեան ժամանակ, փորձառու դեսպանը յաջողեցաւ հանդիպիլ քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարայկոսային հետ, ելոյթ ունենալ Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին դիմաց, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալ Ամերիկայի հրէական յանձնաժողովին, թրքական համայնքի ղեկավարներուն ու «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի խմբագրական կազմին հետ: Նախքան անոր ժամանումը, Հարաւային Քալիֆորնիոյ թուրք-ամերիկացիներու միութիւնը ծանուցում մը զետեղած էր իր համացանցային կայքէջին վրայ՝ կոչ ընելով տեղի թուրքերուն մասնակցելու դեսպանի հրապարակային ելոյթին, եւ «ակնառու աջակցութիւն ցուցաբերելու... մանաւանդ՝ ըստ սովորութեան՝ վարկաբեկող անհատներու առկայութեան պարագային»: Դիմագրաւելով «վարկաբեկող» պիտակաւորում ստանալու վտանգը՝ որոշեցի ներկայ գտնուիլ Թուրքիոյ դեսպանի բանախօսութեան, որ բախտի հեգնանքով տեղի ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Ronald Tutor Campus» կեդրոնին մէջ, որ կը կրէ Ցեղասպանութիւնը վերապրած Al Tutor-ի (Վարժապետեանի) բարերար որդւոյն անունը: Անցայ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան բազմաթիւ գործակալներու, համալսարանի ապահովական ուժերու աշխատակիցներուն եւ թուրք թիկնապահներու շարքերուն կողքէն, որոնց թիւը, ակնյայտօրէն, կը գերազանցէր միջոցառման մասնակիցներունը: Զիս զարմացուց այն, որ ներկայ էին միայն բուռ մը հայեր ու թուրքեր, որոնք գլխաւորաբար համալսարանի ուսանողներն ու դասախօսներն էին: Դեսպան Թան, շուրջ կէս ժամ, կատարեալ անգլերէնով, լաւագոյն կերպով ներկայացուց իր երկիրը: Նկատի ունենալով, որ ան չանդրադարձաւ հայկական հարցերուն, որոշեցի բարձրացնել հետեւեալ փոխկապակցուած հարցերը. Վերջերս Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերանորոգեց քանի մը հայկական եկեղեցիներ: Նախքան Ցեղասպանութիւնը, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կային հազարաւոր հայկական եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնց մեծ մասը վերածուած է մզկիթներու, պահեստներու եւ ախոռներու, իսկ շատերը ոչնչացուած են: Արդեօ՞ք ժամանակը չէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այդ հայկական եկեղեցիները վերադարձնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին: Միաժամանակ, երբ հայերը տեղահան եղան եւ սպաննուեցան, անոնք թողեցին իրենց տուները, կալուածները եւ անձնական գոյքը: Արդեօք ժամանակը չէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իսկական հայ տէրերու ժառանգորդներուն վերադարձնէ անոնց ունեցուածքը: Եւ վերջապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ նախագահ Օպամա, անցեալ տարուան Ապրիլի 24ի իր ուղերձին մէջ յայտարարեց. «95 տարի առաջ, 1.5 միլիոն հայեր բնաջնջուեցան կամ մահարշաւի դատապարտուեցան Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն»: Եթէ համարէք, որ այդ մէկը ճիշդ չէ, ապա դուք արդեօք ստախօս չէ՞ք անուաներ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Ահա՛ դեսպան Թանի պատասխանը. «Պէտք է վերջ դնել այս ատելութեան: Եւ ատիկա պէտք է ընել հնարաւոր չափով շուտ: Այդ պատճառով, մենք կը փորձենք ձեռք մեկնել մեր հայ ընկերներուն, եւ ստորագրած ենք (Հայաստան-Թուրքիա) արձանագրութիւնները: Այս արձանագրութիւններուն մէջ մեր ներառած առաջարկներէն մէկով մենք ցանկութիւն կը յայտնենք, որ կազմուի պատմական հարցերը ուսումնասիրող անկախ յանձնաժողով մը, որուն մէջ ներկայացուցիչներ ընդգրկուին աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ ձեր հայեցողութեամբ՝ որեւէ այլ երկիրէ: Անոնք կ՛ուսումնասիրեն այդ ենթադրութիւնները, եւ մենք, բոլորս միասին կը տեսնենք որոշումը: Սակայն պատմութիւնը կարելի չէ օրէնսդրութեամբ սահմանել: Կարելի չէ այս ձեւով դատել պատմութիւնը: Ուստի, ես կը կարծեմ, որ այդ մէկը շատ ժխտական զգացումներ կը յառաջացնէ մեր հասարակութիւններուն մէջ: Հայերը պատմականօրէն մեծ ներդրում ունեցած են մեր ընկերային կեանքին մէջ: Հետեւաբար, մենք պէ՛տք է շարունակենք նման յանձնառութիւններ, սակայն պէտք է դադրեցնել այս ատելութիւնը»: Ես քաղաքավարութեամբ յիշեցուցի դեսպան Թանին, թէ ան պատասխան չտուաւ հարցումներէս որեւէ մէկուն. յիշեցումիս ի պատասխան՝ ան ըսաւ. «Այդ է իմ պատասխանս»: Հաւանաբար, ան պատրաստ չէր դիմակայելու քաղաքական այսպիսի նուրբ հարցեր: Խոյս տալով հարցումներէս՝ ան բացասական ազդեցութիւն ձգեց լսարանին վրայ, հակառակ անոր ունեցած բարձր դիւանագէտի որակաւորման: Ծրագիրի աւարտին, լսարանէն դուրս գալով՝ դեսպան Թան մօտեցաւ ինծի եւ ձեռքս սեղմելով շնորհակալութիւն յայտնեց հարցումներուս համար: Ես նշեցի, որ անոր գնահատականը ճիշդ չէր, որովհետեւ Հայկական Հարցը ոչ մէկ կապ ունի «ատելութեան» հետ: Նաեւ բացատրեցի, թէ Թուրքիան ահաւոր ոճիր գործած է ընդդէմ հայ ժողովուրդին, եւ թէ հայերը «ատելութեամբ» կուրցած չեն, այլ պարզապէս՝ «արդարութիւն» կը պահանջեն: Դեսպանը շրջելով, խորհրդաւոր ժպիտը դէմքին՝ հեռացաւ: Թէեւ դեսպան Թան խուսափեցաւ պատասխանելէ հարցումներուս, սակայն մեր միտքերու հրապարակային փոխանակումը բարենպաստ ազդեցութիւն ունեցաւ՝ բացայայտելով համալսարանի լսարանին, դեսպանին եւ անոր շրջապատին, հայ ժողովուրդին արդար պահանջը Թուրքիայէն, վերջինիս գործած ոճիրին պատճառով: Իրապէս, անհրաժեշտ է որեւէ առիթով հակազդել թուրք պաշտօնեաներուն, որպէսզի ո՛չ անոնք, ոչ ալ անոնց լսարանը կարենան անտեսել կամ մոռնալ Հայկական պահանջները: Յարութ Սասունեան «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
  -   Յօդուածներ