ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻ ՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ


ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻ ՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ

  • 20-07-2010 08:45:30   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Հակառակ անոր որ Լոզանի համաձայնագիրով կը նախատեսուի Թուրքիոյ մէջ բնակող ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններու՝ հայերու, յոյներու եւ հրեաներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, այսուհանդերձ այդ իրաւունքները միշտ կ’ոտնահարուին թրքական կառավարութեան կողմէ։ Թուրքիոյ հայերը՝ վախնալով իրենց կառավարութեան զայրոյթէն, հազուադէպօրէն կը համարձակին առարկել իրենց քաղաքացիական իրաւունքներու յաճախակի ոտնահարումներուն դէմ։ Աւելի վատը այն է, երբ Պոլսոյ հայերը իրենք թուրք պաշտօնեաները երբեմն կը հրաւիրեն միջամտելու իրենց համայնքի գործերուն՝ իրենց ներքին եւ անձնական վէճերը լուծելու համար։ Այսպիսի կոպիտ միջամտութեան թարմ օրինակ մըն էր Արամ արք. Աթեշեանի՝ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ ընտրութիւնը այն բանէն ետք, երբ բժիշկները ախտորոշեցին, որ Պոլսոյ այժմու պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան կը տառապի անբուժելի մտագարութեամբ։ Վեց ամիս առաջ, երկու տարի ուշացումով, որուն ընթացքին պատրիարք Մութաֆեանի անկարողութեան պատճառով փաստօրէն պատրիարքի աթոռը թափուր մնացած էր, Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը դիմեց թրքական կառավարութեան՝ թոյլտուութիւն խնդրելով աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն կայացնելու համար։ Կրօնական ժողովը նշանակեց պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնող մարմին մը՝ Անգարայէն թոյլտուութիւն ստանալէ ետք նման ընտրութիւն կազմակերպելու համար։ Իրավիճակը ալ աւելի խճճուեցաւ, երբ ընտրութեան նախաձեռնող մարմինը, գերազանցելով իր լիազօրութիւնները, ինքնուրոյն նամակ մը յղեց թրքական իշխանութիւններուն՝ նոր պատրիարք, այլ ոչ թէ աթոռակից պատրիարք ընտրելու թոյլտուութեան խնդրանքով։ Այս երկու նախաձեռնութիւններն ալ միեւնոյն լուրջ սխալը գործեցին՝ հրաւիրելով թրքական կառավարութիւնը միջամտելու հայ համայնքի կրօնական ներքին հարցերուն։ Աւելի՛ն. աթոռակից պատրիարք ունենալը կը հակասէր պատրիարքարանի՝ գրեթէ 600-ամեայ աւանդութեան եւ սովորութեան՝ ի տարբերութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի։ Նոր պատրիարք ընտրելու խնդրանքը նոյնպէս ճիշդ չէր. գործող պատրիարքի կենդանութեան ժամանակ նոր պատրիարք չի կրնար ընտրուիլ, որովհետեւ պատրիարքները կ’ընտրուին ցմահ։ Օգտուելով հայ համայնքին մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններէն, թրքական կառավարութիւնը վերջապէս 29 յունիսին պատասխանեց դիմումին՝ թոյլատրելով փոխանորդի եւ ոչ թէ աթոռակից պատրիարքի կամ նոր պատրիարքի ընտրութիւն։ Իրենց այս քայլով թրքական իշխանութիւնները ոտնահարեցին հայ համայնքի կրօնական իրաւունքները, եւ դժբախտաբար այդ մէկը ըրին նոյնինքն հայ համայնքին խնդրանքով։ Թոյլատրելով, որ պատրիարքարանը ներկայացուի փոխանորդի մակարդակով, թրքական կառավարութիւնը թուլացուց այդ պատմական հաստատութեան կարգավիճակը, որովհետեւ պատրիարք Մութաֆեան տառապելով մտաւոր եւ ոչ թէ ֆիզիքական անկարողութեամբ, կրնայ տակաւին երկար տարիներ ապրիլ, իսկ այդ ընթացքին պատրիարքարանը պիտի առաջնորդուի միայն փոխանորդի կողմէ։ Այսպիսի պատահականութիւն պիտի ծառայէ Թուրքիոյ շահերուն. վերջինս միշտ ձգտած է հայերը ձուլել դիւանակալական արգելքներով՝ զանոնք զրկելով կամքի ազատ արտայայտութեամբ ընտրուած եւ ունակ հոգեւոր առաջնորդէ։ Կառավարութեան հրամանագիրէն ետք, 48 ժամուան ընթացքին, Աթեշեան արքեպիսկոպոս, որ փաստացի կը ղեկավարէր պատրիարքարանը՝ իբրեւ 26 անդամ ունեցող Կրօնական ժողովի նախագահ, ժողովի հրաւիրեց եւ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ իբրեւ փոխանորդ։ Ոեւէ այլ կղերականի կարելիութիւն չտրուեցաւ առաջադրելու իր թեկնածութիւնը այդ պաշտօնին։ Մինչ աշխարհասփիւռ հայութիւնը լուռ էր՝ բացառութեամբ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի, Պոլսոյ քանի մը խիզախ հայեր համարձակեցան իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել։ Ընտրութեան նախաձեռնող մարմինը, որ լուծարուեցաւ թրքական կառավարութեան կողմէ, դատական դիմում ներկայացուց ընդդէմ Անգարայի որոշումին՝ պահանջելով նոր պատրիարքի ընտրութիւններ, այլ ոչ թէ փոխանորդի։ Ի՞նչ պէտք է ընել ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Թուրքիայէն դուրս գտնուող կրօնական եւ աշխարհիկ հայ ղեկավարները պէտք է բողոքի իրենց ձայնը բարձրացնեն հայ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն թրքական իշխանութեանց անհարկի միջամտութեան դէմ, որ Լոզանի համաձայնագիրի խախտում է։ Շատ կարեւոր է, որ Թուրքիոյ հայերը համախմբուին եւ յայտարարեն, որ փոխանորդի պաշտօնը ժամանակաւոր միջոցառում է, այլ ոչ թէ երկարաժամկէտ լուծում։ Առանց Անգարայէն թոյլտուութիւն խնդրելու՝ հայ համայնքը պէտք է կազմակերպէ աթոռակից պատրիարքի նոր ընտրութիւն, որ այնուհետեւ պիտի դառնայ պատրիարք ներկայիս անկարողութեամբ տառապող պատրիարք Մութաֆեանի վախճանումէն ետք։ Արդեօք հայ համայնքը պիտի որոշէ նո՞ր պատրիարք, թէ՞ աթոռակից պատրիարք ընտրել, ատիկա միայն իր գործն է եւ ոչ թէ թրքական իշխանութիւններունը։ Կարեւոր է, որ Պոլսոյ հայ համայնքը համախմբուի մէկ ընդհանուր դիրքորոշումի շուրջ եւ խուսափի յաւելեալ պառակտումէ։ Եթէ տեղական հայ համայնքը դառնայ միասնական եւ ստանայ աշխարհի հայութեան եւ ոչ հայերու աջակցութիւնը, ապա թրքական կառավարութիւնը, որ կը պարծենայ իր աշխարհիկ եւ ժողովրդավարական վարչակարգով, հարկադրաբար պիտի զսպէ իր քաղաքական միջամտութիւնը հայ փոքրամասնութեան կրօնական գործերուն։ ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
  -   Յօդուածներ