Ատրպէյճան Կը Մեղադրէ Թուրքիոյ Նախագահը Սերժ Սարգսեանը Շնորհաւորելուն Համար


Ատրպէյճան Կը Մեղադրէ Թուրքիոյ Նախագահը Սերժ Սարգսեանը Շնորհաւորելուն Համար

  • 04-03-2013 14:18:35   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Մինչ Հայաստան կը փորձէ յաղթահարել Փետրուար 18-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն հետեւանքները եւ ընտելանալ վերջերս աշխուժացած ընդդիմութեան հետ, իր երկու չարակամ դրացիները` Ատրպէյճանն ու Թուրքիան խճճուած են փոխադարձ մեղադրանքներու մէջ հայկական ընտրութիւններուն շուրջ:
Մէկ տարի առաջ, “Ո՞վ կ’իշխէ Թուրքիոյ մէջ` Էրտողա՞նը, թէ՞ Ալիեւը” վերնագիրով իմ խմբագրականին մէջ զարմանքս արտայայտած էի, որ Թուրքիան թոյլ կու տայ Ատրպէյճանին մնայուն կերպով միջամտել իր ինքնիշխան քաղաքականութեան, ինչպէս Հայ-թրքական արձանագրութիւններու պարագային: Այժմ երկու թարմ օրինակ կայ թրքական որոշումներու կայացման գործին մէջ Ատրպէյճանի անթոյլատրելի միջամտութեան մասին:
“Թրքական թռիչքուղիներ”ը հազիւ յայտարարած էր, որ “Ակօս” երկլեզու` հայերէն եւ թրքերէն շաբաթաթերթը պիտի տրամադրէ իր միջազգային թռիչքներէն օգտուող ուղեւորներուն, երբ ատրպէյճանցի փրոֆեսէօր եւ քաղաքական մեկնաբան Ֆիքրեթ Սատիխովը բողոքեց անոր տարածման դէմ` զայն անուանելով “բացարձակապէս անհեթեթ եւ անպատասխանատու քայլ”:
Սատիխովը նաեւ բողոքեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլա Կիւլը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սերժ Սարգսեանին նախագահ վերընտրուելուն առիթով: “Նման քայլերը կրնան մեծ ցաւ պատճառել թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ատրպէյճանին”, ըսած էր Սատիխովը ատրպէյճանական “Թրենտ” լրատուական գործակալութեան: Փրոֆ. Սատիխովի բողոքը մաս կը կազմէ ատրպէյճանցի ղեկավարներու կազմակերպած այն մեծ արշաւին, որով անոնք կը մեղադրեն Թուրքիան` Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ կատարելու համար Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու իրենց ջանքերը խափանելուն մէջ:
Ահա ատրպէյճանցի ղեկավար պաշտօնատարներու կողմէ նախագահ Կիւլին ուղղուած որոշ առարկութիւնները.
- “Թուրքիան պէտք է պարզաբանէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլա Կիւլի կողմէ իր հայ գործընկեր Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղելու հարցը”, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ղեկավար Նովրուզ Մամետովը:
- “Ատիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ…. Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, որ Հայաստանին եղած քաղաքավարութեան բոլոր նշանները անոր կողմէ կ’օգտագործուին այլ նպատակներով”, յայտարարած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Օքթա Ասատովը:
- “Ատիկա մեզի համար անսպասելի էր…. Ցաւալի է, որ Ատրպէյճանի ռազմավարական գործընկեր Թուրքիոյ նախագահը հապշտապ շնորհաւորած է Սարգսեանը, որ ընտրուած է խախտումներու միջոցով”, յայտարարած է խորհրդարանի երեսփոխան եւ “նոր Ատրպէյճան” իշխող կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ Մուպարիզ Ղուրպանլին:
- “Նախքան արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումը Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլա Կիւլի կողմէ շնորհաւորական ուղերձ յղելը նախքան արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումը սխալ քայլ է: Ասիկա Թուրքիոյ` “Զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ” քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: Սակայն, ըստ էութեան, այդ քաղաքականութիւնը ձախողած է: Այդ քաղաքականութեան պատճառով Թուրքիոյ յարաբերութիւնները լարուած են տարածաշրջանի պետութիւններու մեծ մասին հետ: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ նախագահի շնորհաւորանքը Սարգսեանին` կը հակասէ Ատրպէյճանի շահերուն: Երբ միջազգային հանրութիւնը կարծիք կը յայտնէ այն մասին, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի ոչ օրինական իշխանութիւն, թրքական կառավարութիւնը կը հաստատէ Հայաստանի ղեկավարութեան օրինականութիւնը: Ատիկա սխալ է եւ ցաւալի”, յայտարարած է Ատրպէյճանի “Մուսաւաթ” կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր վարչութեան անդամ Արիֆ Հաճիլին:
- “Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ այս քայլերուն շնորհիւ Հայաստանը կամ հայերը պիտի հրաժարին այսպէս կոչուած Ցեղասպանութենէն եւ տարածքային պահանջներէն, կը սխալի”, յայտարարած է “Միացեալ Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատ” կուսակցութեան նախագահ Կուտրաթ Հասանկիւլիեւը:
- “Նախագահ Կիւլի շնորհաւորանքը Սերժ Սարգսեանին հապճեպ որոշում էր”, յայտարարած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ատրպէյճան-Թուրքիա միջխորհրդարանական կապերու աշխատանքային խումբի ղեկավար Նիզամի Ճաֆարովը:
- “Թուրքիան իր այս քայլով չ’արժանանար միջազգային հանրութեան դրական գնահատականին: Այդտեղ Թուրքիան կրնայ վստահ ըլլալ: Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորելը հապճեպ քայլ էր: Անիկա չի բխիր Թուրքիոյ, կամ Ատրպէյճանի ազգային շահերէն”, յայտարարած է խորհրդարանի երեսփոխան Ֆազայիլ Աղամալին:
- “Սերժ Սարգսեանը Թուրքիոյ թշնամին է: Ան Թուրքիան կը մեղադրէ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան համար եւ տարածքային պահանջներ կը ներկայացնէ: Անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Ապտիւլա Կիւլը եղաւ առաջիններէն մէկը, որ Սարգսեանը շնորհաւորեց նախագահ վերընտրուելուն առիթով: Ասիկա անընդունելի է”, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախկին նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական Վաֆա Կիւլիւզատէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Թուրքիոյ որոշումներուն մէջ Ատրպէյճանի անտեղի միջամտութիւնը սանձելու փոխարէն, երկչոտաբար պարզաբանած է, որ նախագահ Սարգսեանի յղուած նախագահ Կիւլի շնորհաւորական ուղերձը եղած է “դիւանագիտական քաղաքավարութեան եւ բարի կամքի դրսեւորում”: Կիւլը Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորած էր նաեւ 2008-ի` նախագահի առաջին ընտրութիւններուն ժամանակ:
Ամենազօր թրքական կառավարութեան, որ իր քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ազդեցութիւնը կը տարածէ ամէնուրեք, տակաւին որքան ատեն պիտի հանդուրժէ Ատրպէյճանի յաճախակի միջամտութիւնը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ: Ե՞րբ Անգարան պիտի համարձակի Պաքուին ըսելու, որ ան զբաղի իր գործով եւ պարզաբանէ, որ Թուրքիան իր ազգային շահերը չի ստորադասեր Ատրպէյճանի եսակեդրոն ցանկութիւններուն:
Հայաստանի բախտաւոր է, որ մինչ ան կը քննարկէ նախագահական ընտրութիւններու անդրադարձները, իր թշնամի հարեւանները` Ատրպէյճանն ու Թուրքիան զբաղած են զիրար մեղադրելով:
Թարգմանեց`
 
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ